«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փետրուար 27-ին իր տիկնոջը՝ Աննա Յակոբեանի հետ երկօրեայ պաշտօնական այցով կը մեկնի Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ նախատեսուած է Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը ԻԻՀ հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէիի հետ:
Այցի ծիրէն ներս Թեհրանի մէջ վարչապետը հանդիպում կ’ունենայ Իրանի նախագահ Հասան Ռոուհանիի հետ, որմէ ետք երկու երկիրներուն առաջնորդները զանգուածային լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներուն համար հանդէս կու գան բանակցութիւններու արդիւնքները ամփոփող յայտարարութիւններով: Ի պատիւ ՀՀ վարչապետին՝ Իրանի նախագահի անունով կը տրուի պաշտօնական ճաշ: Այնուհետեւ կառավարութեան ղեկավարը հանդիպում կ’ունենայ ԻԻՀ խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիի հետ:
Փետրուար 27-ի երեկոյեան վարչապետը կ’այցելէ Թեհրանի «Արարատ» մարզամշակութային կեդրոնը եւ կը հանդիպի Թեհրանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն:
Փետրուար 28-ին ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը կը մեկնի Սպահան, ուր հանդիպում կ’ունենայ նահանգապետին եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: