Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Հայաստանի Եւ Իրանի Միջեւ Առեւտուրը Անցեալ Տարի Մրցանշային Ծաւալ Արձանագրած Է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – 2018-ին, Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ ընդհանուր առեւտրական շրջանառութիւնը կազմած է 364 միլիոն տոլար, որ աննախադէպ ցուցանիշ է 1991-էն ի վեր:

«Իրնա» գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ մեկնաբանելով Հայաստանի հետ առեւտրական ցուցանիշները՝ Հայաստանի մօտ Իրանի առեւտուրի կցորդ Մոհսեն Ռահիմի նշեց, որ նախորդ տարի Իրանէն դէպի Հայաստան արտածումը եղած է 269 միլիոն տոլար, որ բարձր ցուցանիշ է:

Նշենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փետրուար 27 -ին պիտի մեկնի Իրան: Ասիկա վարչապետ Փաշինեանի առաջին այցելութիւնը պիտի ըլլայ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն:  Հանդիպումներուն օրակարգը պիտի ընդգրկէ երկկողմ հարցերու լայն շրջանակ մը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին