«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ շեշտեց, որ Միացեալ Թագաւորութեան՝ Հզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու շարքին դասելու որոշումը ամենեւին պիտի չազդէ Լիբանանի դրամատնային ոլորտի այժմու իրավիճակին վրայ:
«Խնդիրը որեւէ առնչութիւն չունի դրամատնային ոլորտին հետ, որ, բացի այդ, պիտի չազդէ երկրի ելեւմտական իրավիճակին վրայ»,- «LBCI» հեռուստակայանին հետ հարցազրոյցի ժամանակ ըսաւ Սալամէ:
Տակաւին պարզորոշ չէ, թէ արդեօք միւս եւրոպական պետութիւնները, հետեւելով Միացեալ Թագաւորութեան որոշումին, Հզպալլայի քաղաքական թեւը նմանապէս պիտի համարե՞ն ահաբեկչական կազմակերպութիւն:
Սակայն Թագաւորութեան պաշտօնատար անձինք այս իրադրութեան կիզակէտին անյապաղ ընդգծեցին, որ Լիբանանի Հանրապետութեան հետ Լոնտոնի ամրակուռ ու հաստատուն յարաբերութիւններուն վրայ բացասական հետեւանք պիտի չունենան այս վերջին զարգացումները: