Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Լիբանանի Տնտեսական Վերածնունդը Մօտալուտ Է. Հարիրի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Հանրապետութեան վարչապետ Սաատ Հարիրի Եգիպտոսի Շարմ Էլ Շէյխ քաղաքը Եւրամիութիւն-Արաբական պետութիւններու լիկայ գագաթնաժողովի դռնփակ նիստին յայտարարեց, որ երկրի տնտեսական եւ ներդրումային վերածնունդը բաւականին մօտալուտ է: Այս մասին կը տեղեկանանք վարչապետի տեղեկատուական գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութենէն:
Ի դէպ, վարչապետ Հարիրի հրաւիրեց Եւրամիութեան անդամներն ու Լիբանանի «արաբ եղբայրները», որ այցելեն Հանրապետութիւն, աւելցնելով, որ սոյն պետութիւնները աջակցութիւն յայտնած են իր կառավարութեան՝ կայունութեան եւ աճի տեսլականին:
Սակայն ան միաժամանակ ցաւ յայտնեց, որ միջազգային հանրութիւնը բաւարար ջանք չի գործադրեր սուրիացի գաղթականներու ճգնաժամին յարմարաւէտ լուծում մը գտնելու համար: Բացի այդ՝ Հարիրի ընդգծեց ՄԱԿ-ի՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ պաղեստինեան գաղթականներու հարցերով օգնութեան եւ աշխատանքներու գործակալութեան ուղղուած ֆինանսաւորումը շարունակելու խիստ անհրաժեշտութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ գործակալութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին