Օր մը սեղանի շուրջ Թումանեան կ՛առաջարկէ խմել Անդրանիկի կենացը եւ կ՛ըսէ․
– 20 տարի առաջ կար երկու նշանաւոր բան՝ Խրիմեան Հայրիկը եւ իմ «Շունն ու կատուն», 20 տարի անցած է ու դարձեալ երկու նշանաւոր բան կա՛յ, իմ «Շունն ու կատուն» եւ «Անդրանիկը», կը խմեմ երկու նշանաւորներէն մէկուն՝ Անդրանիկի կենացը։
Յովհաննէս Թումանեանի հիւմըրով ըրած այդ գեղեցիկ եւ իմաստալից համեմատութիւնը շատ աշխոյժ ծիծաղ կը յառաջացնէ սենեակին մէջ։ Անդրանիկը անոր կը պատասխանէ․
-Կանցնին տարիներ, ոչ ես կ՛ըլլամ, ոչ ալ Թումանեանը, բայց կը մնայ նշանաւոր բան մը՝ «Շունն ու կատուն», խմենք անոր կենացը։