Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Թեզէի Երիտասարդական Հաւաք Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

22-էն 26 Մարտ 2019-ին Լիբանան առաջին անգամ ըլլալով կը հիւրընկալէ Թեզէի երիտասարդական հաւաքը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը։ Այս ծիրէն ներս, կազմակերպութեամբ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի եւ Լիբանանի եկեղեցիներուն, տեղի կ’ունենան միջեկեղեցական աղօթքներ։

Առ այդ, Ուրբաթ, 22 Փետրուար 2019-ին կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքը սոյն աղօթքը կազմակերպեց Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, ուր հաւաքուած էին Լիբանանի տարբեր եկեղեցիներէ ժամանած հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ Թեզէի միաբանութենէն Լիբանան ժամանած հոգեւորականներ։ Արարողութիւնը սկիզբ առաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ եւ իր աւարտին հասաւ Նահատակաց յուշարձանին առջեւ։

Նշենք, որ Թեզէ միաբանութիւնը հաստատուած է Ֆրանսայի համանուն գիւղը՝ եղբայր Ռոժէ Շութզի ձեռամբ, 1940 թուականին, եւ իւրայատուկ է իր էքիւմէնիք բնոյթով, որուն շնորհիւ բոլոր յարանուանութիւններէ հոգեւորականներ կրնան անդամակցիլ միաբանութեան։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին