«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ընկերային հարցերու նախարար Ռիչըրտ Գույումճեան «Լիբանանի ձայնը» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին նշեց, որ մտադիր է սուրիացի գաղթականներու տունդարձի խնդրին հետ կապուած նախագիծ մը ներկայացնել նախարարաց խորհուրդին:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարարը աւելցուց, որ կուսակցութիւնը հակամէտ է սուրիացի գաղթականներու շտապ տունդարձին, ինչը, ըստ իրեն, պէտք է բծախնդրօրէն ուսումնասիրէ կառավարութիւնը: Ան նաեւ շեշտեց, որ գաղթականներու տունդարձը պէտք չէ հիմք ընդունիլ Սուրիոյ ռեժիմին հետ յարաբերութիւնները վերահաստատելու: «Սա անընդունելի է Լիբանանեան ուժերուն համար»,- ըսաւ նախարարը: