Շաբաթ, 08. 02. 2025

spot_img

Ռաաի Համակարծիք Է Աունին՝ Լիբանանեան-Սուրիական Յարաբերութիւններուն եւ Սուրիացի Գաղթականներու Հարցին Շուրջ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մարոնի համայնքի պատրիարք Պշարա Ռաաի համակարծիք է Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աունին՝ լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւններուն եւ սուրիացի գաղթականներու հարցին շուրջ:
Նկատել տալով, որ գաղթականներու ճգնաժամը տնտեսական, ընկերային, զարգացման եւ անվտանգութեան բազում հետեւանքներ ունեցած է Լիբանանի վրայ՝ նախագահ Աուն շեշտեց. «Այսքան թիւով գաղթականներ ես չեմ ընդունիր իմ երկիրս»,- հաղորդեց Պաապտայի նախագահանիստ պալատին մօտ աղբիւր մը:
«Նախագահը սահմանադրութեան եւ ժողովուրդին պաշտպանն է, եւ երէկ նախարարաց խորհուրդի նիստին իր դիրքորոշումը բաւականին գնահատելի էր եւ պատուաբեր»,- Աունի հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներուն ըսաւ պատրիարքը:
«Եթէ սուրիացի գաղթականներու տունդարձը իրականացնելու համար պիտի սպասենք Սուրիոյ հակամարտութեան քաղաքական լուծումին, ապա, վստահաբար, մեզի հետ պիտի պատահի այն, ինչ պատահեցաւ պաղեստինեան գաղթականներու հարցին հետ»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին