«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական Ճեյմզ Լանքֆորտ ժամանեց Պէյրութ եւ հանդիպում ունեցաւ Հանրապետութեան վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ՝ քննարկելու Լիբանանի մէջ տիրող այժմու իրավիճակը:
Հանդիպումին ԱՄՆ-ի Օքլահոմա նահանգի ծերակուտական Լանքֆորտը եւ վարչապետ Հարիրին անդրադարձան լիբանանեան եւ տարածաշրջանային շարք մը խնդիրներու: Այս մասին հաղորդեցին վարչապետի տեղեկատուական գրասենեակէն:
ԱՄՆ-ի դեսպան Էլիզապէթ Ռիչըրտը եւ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրին ներկայ էին հանդիպումին:
ԱՄՆ-ի դեսպանութենէն աղբիւրի մը համաձայն՝ Լիբանան այցի ծիրէն ներս Լանքֆորտ հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ այլ պաշտօնատարներու հետ՝ քննարկելու երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր: