ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Յարգելի սգակիր ներկաներ,
Սիրելի Փայլակ,
Քիչ առաջ դագաղիդ դիմաց կանգնած էինք արցունք եւ կսկիծ մեր սրտերուն եւ ափ մը հայրենի հող մեր ձեռքերուն մէջ թարմ ու քաղցր յիշատակներով ու ապրումներով ծանրաբեռ։ Կը խոնարհինք քեզ (կամ՝ Ձեզ) նման պարկեշտ, նուիրեալ տնօրէնի, պարտաճանաչ կուսակցականի մը դրոշմած յիշատակին առջեւ՝ պահ մը երեւակայելով այդ յիշատակին կամարներուն տակ, որոնք մեզ պիտի առաջնորդեն քու կեանքի պահերուն. մտերմութիւններ, որ պիտի անմահանան. անոնք ապրուած կեանքի մը ծաղկեալ պահերն են, ինչպէս նաեւ տասնեակ տարիներու մեր կապերը, որոնք մնացին ամուր եւ անխախտ։
Ողբացեալը ծառայեց իր ազգին, դպրոցին, հայ մամուլին՝ «Նոր Օր» եւ «Նոր Հայաստան», ինչպէս նաեւ Լիբանանէն մինչեւ Լոս Անճելըս՝ վերցնելով բազմաթիւ պարտաւորութիւններ եւ օգտաշատ ծառայութիւններ՝ ջերմութիւն ներշնչելով շրջապատին իր ներկայութեամբ, ամրան տօթին եւ ցմրան ցուրտին։
Սիրելի Փայլակ,
Մայրամտող արեւու վարդաբոյր ճառագայթներէն վերջին համբոյր մը քաղելու անզուսպ ցանկութեամբ, կ՚ըսենք քեզի. «Երթաս բարով, եղբայր ջան». Խօսքեր, որոնք կը լսէինք յաճախ քու մեղրածորան բերնէն՝ որպէս անկեղծութեանդ ու բարութեանդ արտայայտութիւնը։ Այո, երթաս բարով, մենք քեզի հետ ենք և դուն մեզ հետ: Մեր «Նոր վերնատուն» ակումբի անդամ եղբայրները ջերմօրէն ու արցունքով կը համբուրեն մխիթարանքի արժանի զաւակներդ իրենց կողակիցներով, թոռներովդ եւ ընտանեկան պարագաներով, որոնք անկասկած ապագային վառ պիտի պահեն ձեր տան անցեալի միեւնոյն մթնոլորտը: Թող Աստուած մխիթարանքի շնորհով սփոփէ սիրելի Փայլակի կորուստը սգացող ընտանիքն ու հարազատները, ինչպէս նաեւ զինք ճանչցողներուն մէջ անմար պահէ հանգուցեալին յիշատակը։
Հողը թեթեւ գայ վրադ, Փայլակ ջան, ափ մը հող աճիւնիդ՝ մեր արցունքով ու զգացմունքներու ջերմութեամբ. այս քանի մը տողը քու յիշատակիդ եւ ընտանիքիդ նուիրումին համար ըլլան խունկ ու փունջ մը ծաղիկ քու թաց շիրիմին։
Աստուած թող հոգիդ լուսաւորէ։
Նազարէթ Գոգաճեան
«Նոր վերնատուն» ակումբ