Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

Նախարարաց Խորհուրդը Յետաձգեց Նիստը Լիբանանեան-Սուրիական Յարաբերութիւնները Վերահաստատելու Շուրջ Տարաձայնութիւններու Պատճառով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն յետաձգեց նախարարաց խորհուրդի նիստը լիբանանեան-սուրիական սառած յարաբերութիւնները վերահաստատելու շուրջ նախարարներու տարաձայնութիւններուն պատճառով: Այս մասին նիստի աւարտէն ետք լրագրողներուն յայտնեց աշխատանքի նախարար Քամիլ Ապու Սլեյման: Յիշեցնենք, որ գաղթականներու հարցերով նախարար Սալեհ Ղարիպ Սուրիոյ տեղական ինքնակառարավարման եւ կենսոլորտի նախարար, ինչպէս նաեւ Գաղթական սուրիացիներու տունդարձը համակարգող գործակալութեան պետ Հուսէյն Մախլուֆի հրաւէրով պաշտօնական այցելութիւն կատարած էր Դամասկոս, ուր շարք մը պաշտօնատարներու հետ քննարկած էր Լիբանան բնակութիւն հաստատած սուրիացի գաղթականներու ապահով տունդարձը:
Անցեալ շաբաթ պաշպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ, որ կը պատկանի Ազգային ազատ հոսանք շարժումի Հզօր Լիբանան խորհրդարանական պլոքին, Միւնիխ կատարած այցին նոյնպէս անդրադարձած է Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները վերահաստատելու եւ գաղթականներու վերադարձը դէպի ապահով շրջաններ իրականացնելու առանցքային խնդիրին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին