«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մարատա շարժումի առաջնորդ Սլեյման Ֆրանժիէ հաւաստեց, որ ո՛չ ինքը, ո՛չ Ազգային ազատ հոսանքի առաջնորդ Ժպրան Պասիլ աջակցութեան խոստում ստացած էին Հզպալլայէն նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւններուն:
Նշենք, որ Լիբանանի նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւնները կը նախատեսուին 2022-ին: «Ալ Նահար» տեղական օրաթերթի հաղորդմամբ՝ կառավարութեան կազմաւորման շուրջ քննարկումներուն ժամանակ լուրեր կը շրջանառուէին, որ Պասիլ խնդրած է Հզպալլայէն երաշխաւորել իր ընտրութիւնը որպէս նախագահ:
Սակայն Ֆրանժիէ «Ալ Նահար»-ի հետ հարցազրոյցի ժամանակ յայտնեց, որ «Հզպալլայէն ոեւէ մէկը որեւէ խոստում չէ ստացած նախագահական ընտրութիւններուն», աւելցնելով, որ «տակաւին շատ կանուխ է այդ նիւթին մասին խօսելու»: Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ թեկնածուները առանց Հզպալլայի աջակցութեան համեմատաբար աւելի քիչ հաւանականութիւն ունին ընտրուելու այդ պաշտօնին:
Ֆրանժիէ նշեց, որ նախագահ Միշէլ Աունի պաշտօնավարութեան շրջանը կրնար աւելի արդիւնաւէտ ըլլալ, եթէ «ինքը եւ իր կուսակցութիւնը հարկ եղած կերպով գործէին», ըսելով, որ Աուն պէտք է համախմբէր Ազգային ազատ հոսանք շարժումը միւս երեք կուսակցութիւններուն՝ Մարատային, Լիբանանեան ուժերուն եւ Փաղանգաւորին հետ:
Այնուամենայնիւ, Ֆրանժիէ ընդգծեց, որ եթէ Աուն նախագահ չընտրուէր, երկրի երկուքուկէս տարուան աննախագահ կարգավիճակը պիտի շարունակուէր: