Շաբաթ, 15. 02. 2025

spot_img

Ընկ. Փայլակ Ահարոնեանի քաղցր յիշատակին

«Ի՞նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց,

Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինակ, այն միայն»։

Վ. Թէքէեան

 

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երեքշաբթի, 15 Յունուար 2019-ին, 91 տարեկանին, Կլենտէյլի մէջ թոքատապի (թոքաբորբոքումի) հետեւանքով իր բոցավառ աչքերը փակեց եւ մեզմէ յաւէտ բաժնուեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ամբողջանուէր, ջղուտ եւ վաստակաշատ գործիչ մը, ազգային-հասարակական քանի մը միութիւններու մէջ ծառայող ազգային մը:

Ընկ. Փայլակ Ահարոնեանի մահով ՌԱԿ-ի եւ «Նոր Օր»ի մեր շրջանակը կորսնցուց գաղափարապաշտ, մեղուի պէս աշխատող եզակի գործիչ մը, որ իր խոնարհութեամբ, հմայքով, նուիրումով եւ արդիւնաշատ ծառայութիւններով արժանացած էր մեր շրջանակի անխառն սիրոյն եւ յարգանքին:

Շաբաթ, 19 Յունուար 2019, կ.ե. ժամը 1։00-ին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ողբ. Փայլակ Ահարոնեանի տան կարգը, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան: Թեմիս բարեջան առաջնորդ եւ հանգուցեալի երբեմնի աշակերտ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան քաղաքէն դուրս գտնուելով, տան կարգին նախագահեց թեմակալ նախկին առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեանը, առընթերակայութեամբ քահանայ հայրերու եւ սարկաւագներու հոյլի մը:

Այդ օր, Մայր Տաճար եկած էին երիտասարդներու հոծ թիւ մը, տարեցներ եւ հասարակական բազմաթիւ գործիչներ, Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի հիւպատոսը, ՀԲԸ Միութեան, Թէքէեանի, եկեղեցական եւ այլ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, որոնք գործ ունեցած են Ողբ. Փայլակ Ահարոնեանի հետ ազգային  զանազան ձեռնարկներու մաս կազմելով:

Տան կարգի կրօնական արարողութենէն ետք, կարդացուեցաւ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ցաւակցական գիրը: ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ ՌԱԿ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան կարդաց զոյգ վարչութեանց խօսքերը: ՀԲԸ Միութեան Կեդրոնական վարչական ժողովի նամակը կարդաց Միութեան փոխնախագահ Սինան Սինանեան, իսկ ԹՄՄ-ի ԱՄՆ-ի եւ Քանատայի Կեդրոնական վարչութեան  նամակը կարդաց Գէորգ Քէօշկէրեան:

Ընտանիքին կողմէ խօսեցան հանգուցեալին թոռնիկը՝ Տիկին Ռիթա Սարուխանեան եւ թոռնիկին հարսը՝  Գարինէ Տալեան-Կանիմեան: Վերջաւորութեան սրտաշարժ դամբանական մը խօսեցաւ Վաչէ  Սրբազան Յովսէփեան, խորապէս յուզելով ներկայ սգակիրները:

Կլենտէյլի Forest Lawn գերեզմանատան մէջ կատարուեցաւ թաղման արարողութիւնը, որմէ ետք սգակիրները հաւաքուեցան Կլենտէյլի «Ֆենիսիա» ճաշարան: Հոն հոգեճաշին խօսք առին ողբացեալին մօտիկ բարեկամները, գործընկերները: Բազմահազար աշակերտներուն անունով ելոյթ ունեցաւ հանգուցեալին նախկին աշակերտներէն, ճարտարագէտ Գէորգ Հալէպլեան:

 

* * *

Անձ մը ճանչնալու համար, անոր նկարագիրը գիտնալու համար, անոր պարկեշտութիւնը խորաչափելու համար անհրաժեշտ է, որ այդ անձին հետ ժամանակ մը գործ ունենանք: Ասիկա ըսելով, շատ լաւ գիտենք, թէ ոչ ոք թերութենէ զուրկ է, քանի որ միայն Աստուած կատարեալ եւ անթերի է:

Մենք ընկեր Փայլակը ճանչցանք Կլենտէյլ հասնելու առաջին օրէն: Մօտ 40 տարի նոյն յարկաբաժինը ապրեցաւ ուրախ ու երջանիկ օրեր ունենալով:

Իր կողակիցին հիւանդութիւնը եւ մահը զինք խորապէս ցնցեց եւ առողջութիւնը քայքայեց:

Մօտ 40 տարիներու մեր ծանօթութեան ընթացքին, ոչ մէկ օր իրմէ վիրաւորական խօսք մը լսած ենք, ոչ իմ եւ ոչ ալ ուրիշ անձի մը հասցէին: Քրիստոնէական ոգիի մարմնացումն էր ան: Հասուն, կեանքի տաք ու պաղ օրերը տեսած եւ ապրած մարդու մը կերպար մըն էր ան:

Որպէս ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Շրջանի գործիչ, իր պաշտօնավարութեան շրջանին էր որ հիմնուեցան ՌԱԿ-ի Փասատինայի «Գերսամ Ահարոնեան», Մոնթէպելլոյի «Համբարձում Գարայեան» եւ Վանքուվըրի «Սարդարապատ» կուսակցական ակումբները:

Իրեն եւ իր գործընկերներուն կը պարտինք ԹՄՄ-ի Կլենտէյլ-Փասատինայի մասնաճիւղի եւ Պէշկէօթիւրեան կեդրոնի գոյառումը: Այդ օրերուն էր որ ՌԱԿ եւ ԹՄՄ շէն ու շէնշող ներկայութիւն մըն էին մեր գաղութի ազգային  կեանքին մէջ:

Ընկ. Փայլակ կազմակերպչական մեծ շնորհներով օժտուած գործիչ մըն էր:

Ան գիտէր մեր շրջանակի անդամները խանդավառելու, համախմբելու եւ զանոնք մեծագոյն հաճոյքով գործի լծելու գաղտնիքը:

Կազմակերչպական բազմաթիւ ձեռնարկներու ատեն, Ընկ. Փայլակի ներկայութիւնը հանդիսավարութիւնը կամ նոյնիսկ կարճ ելոյթը գրաւական մըն էր այդ ձեռնարկի յաջողութեան: Այդ ձեռնարկներուն ներկայ եղողները քիչ մը աւելի հայացած, քիչ մը աւելի կուսակցական հպարտութեամբ, եւ ազգասիրութեամբ, եւ հայրենասիրութեամբ լեցուած կը բաժնուէին սրահէն:

Ահա ճիշդ ատոր համար էր որ իր պաշտօնավարութեան կարճ շրջանին կուսակցութեան շարքերը խտացան 120-է աւելի շարքայիններով, որոնք մեր կազմակերպութեան միացան մեր յաւերժական հայրենիքին եւ աշխարհացրիւ ժողովուրդին ծառայելու ուխտը տալով:

Օրական 10-14 ժամ կը գործէր, ակումբներու առօրեայով կը զբաղէր, «Նոր Օր»-ին կ՚օժանդակէր (որուն խմբագիրը եղաւ շրջան մը), մանաւանդ մեր կուսակցական ընկերներուն մահուան տխուր առիթով, ան պերճախօս դամբանականներով  կը մխիթարէր, ուժ ու կորով կու տար սգակիր հարազատներուն եւ մեր շրջանակին:    

Ան ոչ մէկ օր յօժարեցաւ առաջին շարքերը նստիլ, պատուոյ սեղաններու շուրջ բազմիլ, միշտ ըսելով. «Չէ, չէ, ասանկ տեղեր ուրիշներ թող նստին, ես չեմ սիրեր ասանկ տեղերը»:

Այսօր, ընկեր Փայլակէն յաւիտենական բաժանումի տխուր առիթով, պիտի յիշենք եւ միշտ փնտռենք այս բարի ընկերը, անոր անսակարկ հայրենասէրի եւ բեղուն գործիչի ծառայութիւնները:

Պիտի յիշենք մեր միութենական ուրախ առիթներուն անոր բարեհամբոյր եւ շէնշող ներկայութիւնը եւ «դամատայութիւնը»:

Երանի անոնց, որոնք ընկեր Փայլակին նման կրնան Աստուածապարգեւ իրենց կեանքը՝ իրենց ընտանիքին, ազգին եւ հայրենիքին ծառայելով իմաստաւորել:

Թող Լոս Անճելըսի օտար հողը թեթեւ ըլլայ մեր սիրելի ընկերոջ յոգնաբեկ աճիւններուն վրայ:   

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին