Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Նախնական Եւ Անմիջական Բուժումի Փորձառական Գիտելիքներ (լուսանկարներ)

ՀԲԸՄիութեան Վարժարաններ

15 Փետրուար 2019-ին առողջագիտական-առողջապահական երկրորդ զեկուցում մը մատուցուեցաւ, որ, ըստ էութեան, դարձեալ անհրաժեշտ էր ու մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց աշակերտութեան մօտ:

Զեկուցողը արժանթինցի երիտասարդ բժիշկ մըն էր, որ First Aid-ի օժանդակութեան եւ օգտակարութեան ընդմէջէն, բազմաթիւ տեղեկութիւններով, գիտելիքներով ու ցուցումներով հարստացուց աշակերտութեան փորձառական պաշարը:

Էրիք Օլիվերա, «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան հետ գործակցելով, Լիբանան ժամանած էր հանդիպելու դպրոցական շրջանակներուն հետ, անոնց հետ բաժնեկցելու իր մասնագիտական փորձառութիւններէն շահեկան, անմիջական ու գործածելի հնարքներ:

Փոխտնօրէնուհի տիկ. Մարալ Պալէօզեան ծանօթացուց հիւր-զեկուցողը ու զայն հրաւիրեց դասախօսելու իր նիւթին մասին, նախ անդրադառնալով շնչահեղձութեան ու խեղդուածութեան երեւոյթին, որ շատ յաճախ կրնայ տեղի ունենալ, ցոյց տալով այն միջոցառումները, որոնց միջոցով կարելի է յառաջքը առնել կամ մեղմացնել անոր ճնշուածութեան հետեւանքները:

Աւելի գործնական ու պատկերաւոր դարձնելու համար, տեսերիզի կողքին, աշակերտներ իր մօտ հրաւիրեց ու բուժումի բացատրութիւններ տուաւ ու պահանջեց, որ անոնք եւս փորձեն այդ միջոցները:

Խօսուեցաւ նաեւ վէրքերու մասին, մորթային ու մակերեսային հետքերով, թէ ինչպէս պէտք է վարուիլ անոնց հետ, եթէ խոր եւ վտանգաւոր չեն ու չեն կարօտիր հիւանդանոցի կամ բժիշկի օգնութեան, առաջին հերթին արիւնահոսութիւնը  դադրեցնելով կամ զսպելով, ապա փաթթոցի ու վարակումի միջոցներու դիմելով, որուն համար աշակերտներէն պահանջեց օգտուիլ First Aid-ի կարելիութիւններէն ու դեղամիջոցներէն:

Զեկուցողը խիստ կարեւոր նկատեց անակնկալ դէպքերու կամ պատահարներու պարագային, որոնք միշտ ալ կրնան տեղի ունենալ որեւէ վայրի մէջ, ի սկզբանէ նախապատրաստուած ըլլալ անոնց, շտապ օգնութեան միջոցով կարիքաւորին հասնելու ու մատակարարելու, իսկ աւելի ծանր պարագաներուն, դիմելու ուղղակի բժշկական ու հիւանդանոցային մասնագիտական աղբիւրներու:

Աշակերտութիւնը, որ գործնապէս մասնակցեցաւ այս զեկուցումին, իր գոհունակութիւնը յայտնեց եւ ծաղկեփունջով մը շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրին, մինչ տիկ. Մարալը, իր հերթին, շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ՝ յուսալով, որ նման միջոցառումներ միշտ ալ օգտակար կ’ըլլան մեր աշակերտութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին