«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դարձեալ խօսած է Հայոց ցեղասպանութեան եւ Թուրքիա ապրող հայերուն մասին: Ան ելոյթ ունեցած է Պոլսոյ մէջ իրականացուող պուտաբեշտեան գործընթացի 6-րդ համաժողովին, որուն մասնակցած են նախարարներու մակարդակով ժամանած տարբեր երկիրներու պատուիրակութիւններ: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով «Anadolu Ajansı»-ը։
Գաղթականութեան թեմայով ելոյթին ժամանակ Էրտողան նախ յայտարարած է, որ Թուրքիան վերջին տարիներուն ապաստան տուած է 4 միլիոն գաղթականի, որոնցմէ 3.6 միլիոնը սուրիացիներ են: Այս ծիրէն ներս Էրտողան անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ բնակող հայերու հարցին.
«Սուրիայէն, ուր 2011-էն մինչեւ այսօր բախումներ կ’ընթանան, մեր երկիրը ապաստանած ոեւէ մէկը ստիպողաբար ետ չենք ուղարկած: Արամէացիները ետ չենք ուղարկած, քրիստոնեաները՝ նոյնպէս: Միւս կողմէն հայերն ալ ետ չենք ուղարկած: Այս պահուն Թուրքիա կ’ապրի մօտ 100 հազար հայ, որուն շուրջ 40 հազարը Թուրքիոյ քաղաքացիներ են: Միւսները քաղաքացի չեն, սակայն մեր երկրէն չենք արտաքսեր, քանի որ Թուրքիա եկած են իրենց երկրին մէջ ունեցած դժուարութիւններուն պատճառով»:
Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսելով՝ Էրտողանը կրկնած է, որ թուրք ազգը ոեւէ այլ ցեղախումբի նկատմամբ ցեղասպանութիւն չէ իրագործած:
«Հիմա աշխարհի մէջ ու յատկապէս Եւրոպայի մէջ, այսպէս կոչուած Հայոց ցեղասպանութեան անուան տակ որոշակի քարոզչութիւն կ’իրականացուի: Մենք ալ կ’ըսենք, որ ատիկա պատմաբաններու գործն է, եւ թող անոնք քննարկեն ու լուծեն: Մեր ամբողջ կեանքի, պատմութեան ընթացքին այս ազգը երբեք ոեւէ ցեղական տարրի նկատմամբ ցեղասպանութիւն չէ իրագործած»:
Ըստ Էրտողանի՝ Թուրքիան ընդունած է տարբեր երկիրներու վարչաձեւերու կամ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ հալածուած գաղթականներ՝ առանց հաշուի առնելու անոնց ազգային կամ կրօնական պատկանելիութիւնը։