Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան
Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովը
եւ
Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը
Հ.Բ.Ը.Մ.-ի եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի Լիբանանի մեծ ընտանիքը
իր բոլոր յանձնախումբերով, վարչական ու համակիր անդամներով, սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ մահը՝
ՀԲԸՄ֊ ի Բազմամեայ Նախագահ, Ազգային Բարերար
Լուիզ Մանուկեան Սիմոնի
որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 19 Փետրուար 2019-ին:
ՀԲԸՄ–Ը ԿԸ ՍԳԱՅ ԻՐ ՍԻՐԵԼԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԵՒ ՂԵԿԱՎԱՐԻՆ՝ ԼՈՒԻԶ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՍԻՄՈՆԻ ԿՈՐՈՒՍՏԸ
Լուիզ Մանուկեան Սիմոն, ըլլալով արդի հայ իրականութեան ամէնաազդեցիկ գործիչներէն մէկը և հանդիսանալով միաժամանակ ՀԲԸՄ-ի հարիւրամեայ պատմութեան մէջ բոլորին կողմէ ակնածանքի ու յարգանքի արժանացած ղեկավար, յոյսի ու ոգեշնչման անջնջելի հետք ձգած է հայ ժողովուրդին, Հայրենիքին ու Հայ եկեղեցւոյ մատուցած իր անձնուէր ծառայութեամբ:
Անոր մահը խոր վիշտ պատճառեց ՀԲԸՄ-ի աշխարհասփիւռ ընտանիքին, որուն ան ծառայած է անխոնջ նուիրումով և բացառիկ գերազանցութեամբ՝ որպէս կազմակերպութեան առաջին և միակ կին առաջնորդը, սկիզբը հանդէս գալով որպէս Կեդրոնական վարչութեան անդամ, որմէ ետք՝ 12 տարի շարունակ՝որպէս նախագահ ՀԲԸՄ-ի:
Տեղեկանալով անոր մահուան մասին, ՀԲԸՄ-ի գործող նախագահ Պերճ Սեդրակեանը, որ Լուիզ Սիմոնի նախագահութեան ժամանակ գործակցած է անոր որպէս փոխ նախագահ, զինք բնութագրեց որպէս իր ժամանակին գործող յառաջադէմ կին: «Ան կոչուած էր առաջ մղելու ՀԲԸՄ-ը՝ յաղթահարելով բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, դառնալով աշխարհասփիւռ հայութեան ծառայող յաջողութիւններու և օգտաշատ նախաձեռնութիւններու շարժիչ ու մղիչ ուժը: Ան օրինակ էր բոլոր անոնց, որոնք բախտ ունեցած էին աշխատելու իրեն հետ և հետևելու անոր հիասքանչ մտքի թռիչքին: Մշտապէս ըլլալով իտէալիստ, ան, միաժամանակ գործնական էր, արդիւնաւէտ և իմաստուն, և յաջողած էր կանխատեսել բոլոր խոչընդոտները և գտնել անոնց լուծումներ»:
Լուիզ Սիմոնի կեանքին մեծ ճակատագիր վիճակուած էր..: Պաշտօնավարման ընթացքին ան առաջինն էր, որ Հայաստանի 1988-ին տեղի ունեցած երկրաշարժէն անմիջապէս ետք կազմակերպեց մեծածաւալ օգնութիւն աղիտեալներուն: Ան օժանդակութիւն և հոգատարութիւն ցուցաբերեց Ղարաբաղեան պատերազմէն տուժածներուն և անոնց ընտանիքներուն, ու կարևոր դերակատարութիւն ունեցաւ անկախ Հայաստանի վերածնունդի գործով, օգնելով՝ որպէսզի յաղթահարուին սոցիալ-տնտեսական և կրթական համակարգերու կործանմամբ ստեղծուած բազմաթիւ դժուարութիւններ:
«Իրապես ապշեցուցիչ էր բազմաթիւ ոլորտներու մէջ անոր գործունէութիւնը՝ շատ մը բնագաւառներու մէջ: Ան գիտէր ոչ միայն կառավարել ընթացիկ գործունէութեան բոլոր հատուածները, այլև պահպանել ՀԲԸՄ-ի հովանիէն ներս գործող կրթական, մշակութային և արուեստասիրական ծրագիրները՝ սփիւռքի բոլոր հատուածներուն մէջ», – նշեց պարոն Սեդրակեանը:
Լուիզ Սիմոնի ամէնանշանակալի նուաճումներէն էին Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի, ՀԲԸՄ-ի Հայորդեաց տուներու և ՀԲԸՄ-ի տարեցներու բարեգործական ճաշարաններու հիմնումը, որոնք, անոր ոգեշունչ առաջնորդութեան շնորհիւ, մինչեւ օրս կը գործեն Հայաստանի մէջ: