«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետ Սաատ Հարիրի Լիբանանի Հանրապետութեան մէջ դրամատուներու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թորպէյի եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան հետ հանդիպումին բացառեց նոր հարկերու սահմանումը՝ որպէս պետական պիւտճէի պակասորդը նուազեցնելու միջոց:
Ինչպէս կը հաղորդեն վարչապետի տեղեկատուական գրասենեակէն, Ժոզեֆ Թորպէյ Հարիրիին վերահաստատեց երկրի տնտեսութիւնը CEDRE ծրագրի պայմաններուն համահունչ վերաշինելու եւ յառաջ մղելու հրամայականը:
Դրամատուներու միութեան նախագահը աւելցուց, որ ինքը անձնապէս պիտի կարենայ բաժնեկցիլ վարչապետի՝ որեւէ առաջարկուած տնտեսական բարեփոխումի առնչութեամբ լաւատեսութիւնը, պայմանով որ կառավարութիւնը համաձայնութեան գայ նման ծրագիրներ լաւագոյնս իրականացնելու յարմարագոյն ու խոհեմ ուղիներուն շուրջ: Ան մասնաւորաբար նշեց, որ ցա՛րդ, ըստ էութեան, առանցքային խնդիրներու շուրջ համամտութիւն կայ:
Նշենք, որ մինչ նորակազմ կառավարութիւնը կ’աշխատէր ծրագիրի մշակումին վրայ, շարք մը քաղաքական գործիչներ, որոնց կարգին՝ հեռահաղորդակցութեան նախարար Մուհամմատ Շուշէյր, մասնաւորաբար շեշտեցին, թէ իրենք պիտի բացասեն որեւէ փորձ, որ նպատակաուղղուած է նոր հարկեր սահմանելու՝ որպէս պետական պիւտճէի պակասորդը նուազեցնելու միջոց: Փոխարէնը, կառավարութեան կոչ ըրին կեդրոնանալու ելեկտրականութեան ոլորտին ու պիւտճէի անհաշիւ վատնումին խնդրին վրայ: