Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Հայ Ժողովուրդը Պարտադրուած Պատերազմին Պաշտպանեց Իր Հողն ու Պատմութիւնը. Բակօ Սահակեանի Շնորհաւորական Ուղերձը Արցախի Վերածնունդի Օրուան Առիթով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Փետրուար 20-ին, շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արցախի վերածնունդի օրուան առիթով:

Նախագահի ուղերձին մէջ մասնաւորապէս նշուած է.

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ անձամբ իմ անունով ի սրտէ կը շնորհաւորեմ ձեզ Արցախի վերածնունդի օրուան առիթով: 1988-ի Փետրուար 20-ը մեր ժողովուրդին համար պատմական օր էր, որ դարձաւ տասնամեակներ շարունակ կուտակուած դժգոհութիւններու եւ բողոքի պոռթկումը, անարդարութեան, ճնշումներու եւ բռնութիւններու դէմ երկար տարիներ խմորուող պայքարի կիզակէտը: Այդպէս շարունակուիլ այլեւս չէր կրնար: Արցախցին դուրս եկաւ հրապարակ՝ յանուն սեփական իրաւունքներու պաշտպանութեան, յանուն սեփական ճակատագիրը ինքնուրոյն տնօրինելու, յանուն սեփական հողի վրայ ազատ ապրելու եւ հայ մնալու:

Յետագայ զարգացումները ապացուցեցին, որ մեր ընտրած ուղին ճիշդ էր: Պաքուի ու Սումգայիթի հայ բնակչութեան կոտորածները վերջնականապէս ցոյց տուին բռնատիրական Ատրպէյճանի իրական դէմքն ու նպատակները, բացայայտեցին արցախահայութիւնը բնաջնջելու անոր հրէշաւոր ծրագիրները:

Հայ ժողովուրդը միաւորուեցաւ, մէկ մարդու պէս զէնք վերցուց եւ մեզի պարտադրուած պատերազմին պաշտպանեց իր հողն ու պատմութիւնը, իր հաւատքն ու արժանապատւութիւնը՝ կանխելով երկրորդ Ցեղասպանութիւնը եւ կերտելով փառաւոր յաղթանակներ:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Արցախի վերածնունդը համայն հայութեան ամենանշանակալի յաղթանակներէն է: Ատիկա համազգային կամքի ու ոգիի, ուժի ու միասնականութեան յաղթանակն է, հայրենիքին անսահման նուիրուածութեան եւ սեփական ուժերու հանդէպ հաւատի յաղթանակը:

Մէկ անգամ եւս կը շնորհաւորեմ բոլորս այս յիշարժան տօնին առիթով եւ կը մաղթեմ խաղաղութիւն, քաջառողջութիւն ու ամենայն բարիք:

Յաւէ՜րժ փառք անոնց, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերեցին՝ յանուն մեր ժողովուրդի նուիրական իղձերու եւ նպատակներու, յանուն վեհ գաղափարներու իրականացման»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին