Շաբաթ, 15. 02. 2025

spot_img

Թուրքիոյ Մէջ Կը Խոստանան Վերանորոգել Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս Հայկական Եկեղեցին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Թուրքիոյ շրջակայ միջավայրի եւ քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը կը խոստանայ վերանորոգել Տիարպեքիրի Սուր շրջանը գտնուող հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին, որ մեծապէս վնասուած է վերջին տարիներուն Քրտական բանուորական կուսակցութեան դէմ թրքական ուժայիններու գործողութիւններուն հետեւանքով: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, թրքական «Daily Sabah» պարբերականը կը նշէ, որ հայկական եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ տեղի քաղտէական եկեղեցւոյ վերանորոգութեան ծախսերը կառավարութիւնը վերցուցած է իր վրայ:

Սուրի ղեկավար Ապտուլլահ Չիֆթչին յայտնած է, թէ կ’ակնկալեն, որ վերանորոգութեան աշխատանքները, որոնք ամենայն հաւանականութեամբ կը կազմեն 10 մլն թրքական լիրա (1.8 մլն տոլար), շատ շուտ կը սկսին:

Ուշագրաւ է, որ ան Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ անմխիթար վիճակի պատասխանատու  յայտարարած է քիւրտերը, մինչդեռ ան մեծապէս տուժած է թրքական ուժայիններու գործողութիւններէն:

Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին Մերձաւոր Արեւելքի ամենամեծ քրիստոնէական եկեղեցիներէն է: Մեծ դժուարութեամբ իրականացուած վերանորոգութեան աշխատանքներէն ետք 2011 թուականին ան վերաբացած էր իր դռները:

2012 թուականի Նոյեմբերին` 32 տարուան ընդմիջումէ ետք այստեղ կատարուած էր վերանորոգութեան յաջորդած առաջին եկեղեցական արարողութիւնը: Նոյն օրը եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած էր նաեւ առաջին պսակադրութիւնը: Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքները իրագործուած էին Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի ֆինանսական աջակցութեամբ: Աշխատանքներուն աջակցութիւն ցուցաբերած էր նաեւ Տիարպեքիրի քաղաքապետարանը: Վերակառուցուած էր եկեղեցւոյ զանգակատունը, որ վնասուած էր 1915-ին ռմբակոծութենէ: Եկեղեցւոյ գմբէթը ամենաբարձրն էր քաղաքին մէջ, եւ մզկիթներու մինարէներէն բարձր չըլլալուն համար իսլամները աւերած էին զայն:

Թէեւ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին մինչեւ 1980 գործած է, սակայն իր զանգերը միայն 2012 թուականի Նոյեմբեր 4-ին ղօղանջած են 97 տարի անց: 2015 թուականէն այն թաղամասը, ուր կը գտնուի եկեղեցին, վերսկսած էին բախումները թուրքերուն եւ քիւրտերուն միջեւ: Անոնք յատկապէս սաստկացած էին 2016 թուականի Յուլիսի ռազմական յեղաշրջումի ձախողած փորձէն ետք:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին