«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն բացասեց Սուրիոյ 8-ամեայ հակամարտութեան քաղաքական արմատական լուծումին սպասելու հայեցակէտը, նախքան Լիբանան բնակութիւն հաստատած սուրիացի գաղթականներու տունդարձը: Այս մասին կը հաղորդուի նախագահի Twitter-ի էջին վրայ:
«Պաղեստինցի գաղթականներու հետ մեր փորձառութիւնը այնքան ալ խրախուսիչ չէ»,- մէջբերուած է նախագահի խօսքը Լիբանանի մամլոյ խմբագիրներու սենտիքայի պատուիրակութեան հետ հանդիպումին:
Աուն աւելցուց, որ ինքը տարօրինակ կը գտնէ այս հարցին շուրջ որոշ երկիրներու դիրքորոշումը, յատկապէս որ անոնք որեւէ ճիգ չեն գործադրեր այս ուղղութեամբ:
Աուն բազմիցս կոչ ըրած է միջազգային հանրութեան, որ խուսափին սուրիացի գաղթականներու տունդարձը Սուրիոյ հակամարտութեան քաղաքական լուծումին հետ կապելէ: