Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

Ազրպէյճանի Իշխանութիւնը Արգիլած Է Ընդդիմութեան Հանրահաւաքը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի քաղաքապետարանը մերժած է ընդդիմադիր Ժողովրդավարական ուժերու ազգային խորհուրդին կողմէ Փետրուար 23-ին հանրահաւաք իրականացնելու վերաբերեալ դիմումը:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Քաղաքապետարանը մերժումը հիմնաւորած է անով, որ Յունուար 19-ին Ժողովրդավարական ուժերու ազգային խորհուրդի կազմակերպած նախորդ հանրահաւաքին ժամանակ խախտուած է հասարակական կարգը:

Խորհուրդը Պաքուի քաղաքապետարանէն խնդրած էր Փետրուար 23-ին՝ ժամը 15-ին, տրամադրել «Մահսուլ» մարզադաշտը եւ թոյլատրել այդտեղ իրականացնել հանրահաւաքը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին