Երկուշաբթի, 11. 12. 2023

spot_img

«La Vie En Rose» («Վարդագոյն Կեանք»), Էտիթ Փիաֆ (տեսերիզ)

Երգի Մը Պատմութիւնը – 6 –

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից 

Կը կարծեմ, թէ աշխարհիս վրայ չի գտնուիր մէկը, որ չէ լսած Ֆրանսայի մշտափայլ աստղ Էտիթ Փիաֆի գեղգեղուն ձայնը։

Շանսոն, անուշաբոյր, տաք  քրուասան, բացօթեայ փոքրիկ սրճարանները նեղլիկ մայթերուն, Էյֆել, Շանզելիզէ փողոց, նրբաշակ գեղեցկուհիներ․․․ կարելի է անվերջ թուարկել  Փարիզի հետ նոյնացող երեւոյթներու շարքը։  Հետաքրքութենէ դրդուած՝ օրուան ընթացքին ինծի հանդիպած ընկերներուս տուի միեւնոյն հարցը․ «Կրնա՞ս Փարիզի մասին յուշող որեւէ  բան ըսել»։ Պատասխանները բազմազան էին, բայց  գրեթէ բոլորը նշեցին վերը թուարկուածներս ու նաեւ չմոռցան շեշտել Ժօ Տասենի «Aux Champs-Élysées» («Օ, Շանզելիզէ» ) եւ Էտիթ Փիաֆի «La Vie En Rose» երգերը, զորս լսելով անմիջապէս մտովի կը տեղափոխուին Փարիզ։

«La Vie En Rose» երգը Փիաֆի այցեքարտն է ողջ աշխարհին մէջ։  Թողարկումի թուականը կը համարուի 1946-ը։ Երգուած, վերափոխուած, կերպարանափոխուած է երգը բազմաթիւ անգամ: Իրենց երգացանկին մէջ զայն ներառած են բազմաթիւ յայտնի երաժիշտներ՝ Լուի Արմսթրոնկ, Ժոզեֆինա Պեյքեր, Մարլեն Տիթրիխ, Լուչիանօ Փաւարոթի, Փլաչիտօ Տոմինկօ, Տալիտա, Խուլիօ Իկլեսիաս, Միրեյ Մաթիօ, Տեմիս Ռուսոս, Լայզա Մինելի , Սելին Տիոն եւ այլք։ Անուններու այս շարքը կարելի է թուարկել անվերջ։

Անգամ մը՝ հեռաւոր 1944-ի գարնան, Էտիթը իր ընկերուհիին՝ Մարիանա Միշելին հետ կը ճաշէր փարիզեան սրճարաններէն մէկուն մէջ։ Մարիանան, որ քապարէի տնօրէն էր, կը սրտնեղէր, որ շատոնց նոր երգ չունի, եւ ընկերուհիին կ’առաջարկէ նոր երգ մը գրել իրեն համար։ Մարիանան  տարիներ  առաջ օգնած էր Էտիթին՝  դեր տալով «Միւզիք Լեժար» քապարէին մէջ։ Էտիթ կ’որոշէ ընդառաջել ընկերուհիին խնդրանքին, յատկապէս որ վերջին օրերուն մեղեդի մը անընդհատ կը մտմտար քիթին տակ։ Նոյն այդ սեղանին շուրջ նստած կը սկսին երկուքը ստեղծագործել երգի բառերը եւ զայն գրի կ’առնեն անձեռոցիկի  վրայ.

«Երբ ան կ’առնէ զիս իր գիրկը,

Երբ կը շշնջայ մեղմ,

Շուրջբոլորը կը դառնայ վարդագոյն․․․»:


Մարիանան Էտիթին կը յուշէ «շուրջբոլոր»-ը փոխարինել «կեանք» բառով։ Այսպիսով երգի տողերն ալ կը դառնան վերնագիր՝ «Կեանքը կը դառնայ վարդագոյն» կամ «Վարդագոյն կեանք»։ Երկու ժամուան մէջ աղջիկները կ’ամբողջացնեն ապագայ երգի խօսքերը։ Կը մնայ գտնել մէկը, որ մեղեդին  ամբողջացնէ եւ զայն վերածէ երգի։ Ի դէպ, Հեղինակային իրաւունքներու գրանցման գրասենեակին մէջ Էտիթ Փիաֆ անուն-ազգանունը նշուած էր որպէս երգերու խօսքի հեղինակ, եւ պէտք էր մէկ այլ անձ մը, որ որպէս երաժշտահան յանձն առնէր հանդէս գալ երաժշտութեան հեղինակի կարգավիճակով։ Ան կը դիմէ իր համահեղինակներուն, որոնք տարիներ շարունակ իրեն հետ միասին կը գրէին երգեր իր գրած խօսքերով։ Անոնցմէ շատերը իր մեղեդին կը համարեն անլուրջ եւ կը հրաժարին ներկայանալ որպէս երաժշտութեան հեղինակ՝ վախնալով երգի տապալումէն եւ իրենց՝ որպէս երաժշտահանի հեղինակազրկումէն։ Անոնցմէ մէկը նոյնիսկ հեգնանքով ըսաւ․ «Կարծեմ, չես պատրաստուիր, չէ՞, այս անհեթեթութիւնը երգելու։ Երեք տարուան ընթացքին դուն հրաժարած ես իմ տասնեակ երգերէս, իսկ հիմա կ’ուզես, որ ես յանձն առնեմ ըլլալ հեղինակը երգի մը, որուն կեանքը աւելի կարճ է, քան այս նրբերշիկին երկարութիւնը»։

Երկար դեգերումներէ ետք, վերջապէս իր ընկերներէն մէկը՝ երաժշտահան եւ դանշնակահար Մարսէլ Լուիճին, կը համաձայնի օգնել Էտիթին։ Անգամ մը ան համերգի ժամանակ յանպատրաստից փոխարինած էր Էտիթի՝ յանկարծակի հիւանդացած նուագակցողը: Այդտեղէն սկսած էր իրենց ընկերութիւնն ու գործակցութիւնը։ Տարիներ անց Մարսէլը իր յուշերուն մէջ կը պատմէ.   «Իմ աղջկաս մկրտութեան օրն էր, իսկ Էտիթը՝ կնքամայրը։ Ընթրիքէն ետք ան ինծի ըսաւ․  -Լուի՛ճի, եկո՛ւր, աւարտին հասցնենք այս գաղափարը եւ երգը միասին գրենք, ինչպէս ըրած ենք անցեալին, տասնեակ անգամներ։  Մենք նստեցանք դաշնամուրին մօտ եւ մի քանի վայրկեանի մէջ աւարտին հասցուցինք երգը, որուն մեղեդին գրած էր Էտիթը»։

Բնականաբար, երգի ստեղծումը խլեց աւելի երկար ժամանակ, քան հեղինակները կը պատմեն։ Նախ ծնաւ մեղեդին, մի քանի ամիս ետք գրուեցան բառերը, յաջորդիւ՝ երգը աւարտին հասցուեցաւ երաժշտութեան տեսանկիւնէն եւ, հակառակ այն պնդումին, որ իրենք բառերը երկու ժամուան մէջ գրեցին, իսկ երաժշտութիւնը՝ մի քանի վայրկեանի մէջ, երգի աշխատանքները խորքին մէջ խլեցին մօտ 2 տարի։

Երբ երգը պատրաստ էր, Փիաֆ կ’որոշէ ինքը կատարել զայն, թէպէտեւ գրած էր իր ընկերուհիին խնդրանքով, ընկերուհիին համար: Ա՛յդ դարձաւ իր երգացանկի ամենավառ երգերէն մէկը։

1998 թուականին նկարահանուեցաւ փաստագրական ֆիլմ մը Էտիթ Փիաֆի մասին, որ նոյնպէս կոչուեցաւ «Վարդագոյն կեանք»։ Նոյն թուականին երգը ստացաւ նաեւ «Կրեմմի» մրցանակ  «Փառքի սրահ» անուանակարգին մէջ՝ որպէս  20-րդ դարու ամենայայտնի երգերէն մէկը։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին