«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագաh, 2016-2018 թուականներուն երկրի վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմը Փետրուար 18-ին հրաժարական տուած է:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները:
Հրաժարականի պատճառը այն է, որ Եըլտըրըմը Թուրքիոյ մէջ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» AKP կուսակցութեան կողմէ ՏԻՄ ընտրութիւններուն պիտի առաջադրուի Իսթամպուլի քաղաքապետի թեկնածու: