Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Դասարաններու Ջեռուցումը Բաւարար Կը Համարուի

«Գաւառ»ը Լուսարձակի Տակ – 14 –

ՎԱՀԱՆ ԱՆՏՈՆԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Լոռիի մարզպետարանի կրթութեան եւ մշակոյթի վարչութեան պետ Ռաֆայէլ Յարութիւնեանի տուեալներով՝ մարզպետարանին ենթակայ դպրոցներէն 114-ը կը ջեռուցուի բնական կազով, 19 դպրոց` ելեկտրական վառարանով, 19 դպրոց՝ փայտով, իսկ 2 դպրոց ալ հեղուկ վառելիքով: Վերջին երկու վառելատեսակները չեն կրնար ապահովել համատարած հաւասար ջերմութիւն: Վերոյիշեալ 114 դպրոցներէն 37-ն կը ջեռուցուի կազի վառարաններով, որոնք արդէն 10 տարուան մաշուածութիւն ունին եւ վերանորոգութեան կարիք ունին կամ ալ պէտք է փոխարինուին նորերով: Փոխարինելը կապուած է դրամական միջոցներու հետ, իսկ կառավարութեան կողմէ յատկացուած գումարները առաջին հերթին կ’օգտագործուին աւելի աննպաստ վիճակի մէջ գտնուող դպրոցներուն համար, որոնք ունին տանիքի կամ պատերու վերանորոգութեան խնդիրներ: Որոշ դպրոցներ ունին կաթսայատուներ, որոնց կը սպասարկեն կազի վարչութեան կողմէ որակաւորուած հնոցապաններ: Կան նաեւ, այսպէս կոչուած, «պաքսիով» (BAXI) ջեռուցուող դպրոցներ: Ասոնցմէ մէկը Վանաձորի թիւ 15 դպրոցն է, որուն երկու յարկերը ամբողջութեամբ ջեռուցելու համար բարեգործական քայլով հանդէս եկաւ եգիպտահայ Գալուստեան-Նուպարեան-Պօղոսեան վարժարաններու նախկին շրջանաւարտներու Գալիֆորնիոյ յանձնախումբը՝ դպրոցին տրամադրելով 6 հազար տոլար, որով կը տաքցուին ոչ միայն դաարանները, այլեւ ճաշարանը, լուացարանները, միջանցքները, մէկ խօսքով` ամբողջ շէնքը:Վանաձորի թիւ 1 դպրոցի տնօրէն Լիլիթ Սարուխանեանի տեղեկութեամբ՝ ձմեռ ժամանակ դպրոցի ջեռուցումին համար տարեկան կը ծախսուի 4 միլիոն դրամ:

Տարբեր միջոցներով դպրոցներու ջեռուցումը կը գնահատուի բաւարար, քանի որ դասարանները տաք են, բայց կան նաեւ դպրոցներ, ուր օժանդակ սենեակներն ու միջանցքները չեն ջեռուցուիր, ինչ որ բացասական հետեւանքներ կրնայ ունենալ աշակերտներու առողջութեան վրայ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին