Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Տեղի Ունեցաւ CEDRE Խորհրդաժողովին Հետ Կապուած Ծրագիրներուն Շուրջ Հանդիպում Մը՝ Գլխաւորութեամբ Սաատ Հարիրիի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Վարչապետ Սաատ Հարիրի գլխաւորութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ արաբական, եւրոպական ու միջազգային հիմնադրամներու եւ ելեւմտական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք 2018-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած CEDRE խորհրդաժողովին խոստացած էին նիւթական որոշակի օժանդակութիւն ցուցաբերել Լիբանանին:
Վարչապետ Հարիրիի՝ տնտեսական հարցերով խորհրդականՆատիմ Մունլա նշեց, որ շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ հանդիպումը նպատակուղղուած էր քննարկելու CEDRE-ի ֆինանսաւորումը, ինչպէս նաեւ համաձայնութեան գալու խորհրդաժողովին հետ կապուած ծրագիրներու շուտափոյթ իրականացման շուրջ:
Նշենք, որ CEDRE-ի խորհրդաժողովին խոստացուած էր 11 միլիառ տոլարի դրամանպաստ յատկացնել Լիբանանի ենթակառուցուածքներուն եւ ներդրումային ծրագիրներուն համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին