Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Սփիւռքահայ Գործարար Ներուժի Ու Հայրենիքի Արուեստի Միաւորում՝ Պատկերասրահ-Սրճարանի Տեսքով (լուսանկարներ)

«Զարթօնք» Հայրենիքի Մէջ -24 –

ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

Երբ սփիւռքահայ գործարար ներուժն ու առեւտրավարչագիտական կարողութիւնները կը միաւորուին հայրենի արուեստին հետ, կը ստացուի իր տեսակին մէջ եզակի ARMI ARTS Gallery and Wine  պատկերասրահ-սրճարանը, ուր մէկ գաւաթ գինիի շուրջ արուեստի սիրահարները հաճելի ժամանակ կ’անցընեն, կը քննարկեն ու կը քննադատեն ֆիլմեր, ցուցահանդէսներ եւ այլն: Պատկերասրահի բացումը կը նախատեսուի կատարել բաժնետէրերէն մէկուն՝ նկարչուհի Արմի Յարութիւնեանի կտաւներուն անհատական ցուցահանդէսով:

Այս իւրայատուկ պատկերասրահ-սրճարանին նպատակն է քաջալերել երիտասարդ արուեստագէտները իրենց ընտրութեան հարցին մէջ: Ան կը յաւակնի դառնալ քաղաքի ամենագեղեցիկ ու գողտրիկ անկիւնը, ուր սկսնակ ու կայացած արուեստագէտներ կրնան կազմակերպել սեփական ցուցահանդէսներ, ֆիլմերու ցուցադրութիւններ, քննարկումներ:

Պատկերասրահ-սրճարանի ներքեւի յարկը պիտի ծառայէ նկարիչուհի Արմիին որպէս արուեստանոց, ուր հնարաւորութիւն կը ստեղծուի նաեւ դասաւանդումներ իրականացնելու համար: Սրճարանը, բացի արուեստին ծառայելէ, կը ստեղծէ նաեւ աշխատատեղեր: Նախաձեռնութեան բաժնետէր Լիբանանահայ Սեւակ Յակոբեանը կը նշէ, որ պատկերասրահ-սրճարանի ստեղծման հիմք կը հանդիսանայ հայրենիքի մէջ ներդրումներ ընելու, աշխատատեղեր ստեղծելու անհրաժեշտութիւնն ու գաղափարը: Վերջինս յոյս կը յայտնէ, որ արուեստագէտներուն, արուեստի սիրահարներուն համար ան կը դառնայ անփոխարինելի վայր մը Թումանեան 11 հասցէին վրայ:

Հուսկ աւելցնենք, որ պատկերասրահ-սրճարանի պաշտօնական բացումը տեղի կ’ունենայ Փետրուար 22-ին՝ ժամը 17:00-ին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին