Շաբաթ, 15. 02. 2025

spot_img

Սալեհ Ղարիպ Ուղղուեցաւ Դամասկոս՝ Սուրիացի Գաղթականներու Տունդարձին Հետ Կապուած Բանակցութիւններու Համար

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Երէկ առաւօտեան գաղթականներու հարցերով նախարար Սալեհ Ղարիպ ուղղուեցաւ Դամասկոս՝ Լիբանան բնակութիւն հաստատուած սուրիացի գաղթականներու ապահով տունդարձը իրականացնելու խնդրին շուրջ Սուրիոյ տեղական ինքնակառավարման եւ կենսոլորտի նախարար Հուսէյն Մախլուֆի հետ բանակցութիւններու համար:
Մախլուֆ, որ միաժամանակ Գաղթական սուրիացիներու տունդարձը համակարգող գործակալութեան պետն է, Ղարիպը պաշտօնապէս հրաւիրած էր Սուրիա: Այս մասին Ղարիպի մօտ աղբիւր մը յայտնած է «The Daily Star»-ին: Կողմերու բանակցութիւնները պիտի կեդրոնանան սուրիացի գաղթականներու ապահով տունդարձի գործընթացին վրայ:
Յիշեցնենք, թէ ընթացիկ ամսուան սկիզբը Ղարիպ յայտարարած էր, որ նախարարութիւնը ըստ ամենայնի պիտի մերժէ թոյլատրել սուրիացի գաղթականներու վերաբնակեցումը, աւելցնելով, որ անոր առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ հեշտացնել անոնց ապահով տունդարձը:  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին