«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պատուոյ պահակային վաշտը Ապու Տապիի մէջ դիտարժան ելոյթով հանդէս եկած է IDEX-2019 ցուցահանդէսին, որուն կը մասնակցի նաեւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ ՀՀ ՊՆ պատուոյ պահակային վաշտի տպաւորիչ ելոյթին տեսանիւթը տարածուած է հասարակական ցանցերու մէջ:
IDEX-2019 ցուցահանդէսին ներկայացուած է նաեւ հայկական ռազմարդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու տաղաւար: