Շաբաթ, 17. 05. 2025

spot_img

Երիտասարդական Խորհրդաժողով Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ (լուսանկարներ)

Այս շաբաթավերջին, 16 եւ 17 Փետրուար 2019-ին Անթիլիասի Մայրավանք հաւաքուած էին սփիւռքի զանազան երկիրներէ ժամանած երիտասարդներ, որոնք գումարեցին հինգ նիստերէ բաղկացած խորհրդաժողով մը՝ արծարծելով երիտասարդութիւնը յուզող այժմէական խնդիրներ ու քննարկելով զանոնք դիմագրաւելու գործնական միջոցներու մասին։ 

Խորհրդաժողովը ատենապետեց Գերշ. տ. Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանը, իսկ զայն վարեցին Հոգշ. տ. Պետրոս վրդ. Մանուէլեանն ու Հոգշ. տ. Զարեհ վրդ. Սարգիսեանը։

Բացման նիստին իր պատգամը յղեց Նորին Սրբութիւնը։ Ան առաջին հերթին բարի գալուստ մաղթեց Հիւսիսային Ամերիկայէն, Եւրոպայէն, Միջին Արեւելքէն եւ Հայաստանէն Անթիլիաս ժամանած երիտասարդներուն՝ ընդգծելով բոլոր բնագաւառներուն մէջ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին գործուն ներկայութիւնն ու գործնական ձեռնարկութիւնները։ Ան դիտել տուաւ, որ այս հաւաքը կը միտի գործնական քայլերու վերածել երիտասարդը հաւաքական կեանքին մէջ ներառելու ու անոր առանցքային տեղ տալու առումով երիտասարդներու կողմէ եկած առաջարկները։ «Երբ շուրջս կը նայիմ, կը տեսնեմ երիտասարդներ, սակայն ոչ մայր էջին վրայ։ Անոնք երբեմն հեռացած են, իսկ երբեմն ալ անտեսուած են մեր շրջանակներէն, ու այս պատճառով ալ յաճախ դժուարութիւն կը գտնեն դրսեւորելու իրենց ինքնութիւնը»,- ըսաւ վեհափառը՝ կարեւորելով անոնց նախաձեռնողի եւ ոչ հակազդեցողի դիրքի վրայ ըլլալը։ Առ այդ, հայրապետը իր պատգամին մէջ լայն տեղ տուաւ առցանց աշխարհին եւ անոր հետեւանքներուն։ Ան նշեց, որ առցանց աշխարհին վրայ ստեղծուած յարաբերութիւններէն յառաջացած համացանցային ընկերութիւնը ունի իր արժէքներու համակարգը, սակայն հարկ է անգամ մը մտածել, թէ հայ երիտասարդը, որ կը պատկանի տուեալ առցանց ընկերութեան, ի՛նչ հայկական ինքնութիւն կը դրսեւորէ, ի՛նչ տեսալական ու նպատակ կը հետապնդէ, որպէսզի աւելի կազմակերպուած ըլլայ ու կարենայ թէ՛ օգտուիլ անկէ եւ թէ ալ օգտել հայութիւնը։ Այս իմաստով ան լուսարձակի տակ առաւ պատասխանատու կեցուածք ունեցող ու պարտաւորութիւններ ստանձնող երիտասարդ մարդուժի անհրաժեշտութիւնը, որ պիտի չկլանուի համացանցի ժխտական ազդեցութիւններէն։

Նիստի աւարտին, երիտասարդները փոխանակեցին իրենց մտքերն ու մտահոգութիւնները։

Յաջորդող նիստերուն ընթացքին, խորհրդաժողովը քննեց հայ երիտասարդները առցանց հարթակի մը վրայ խմբելու կարելիութիւններն ու անկէ բխած հարցերն ու լուծումները։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին