Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

Սերպիոյ Նախագահը Արմէն Սարգսեանի Հետ Հանդիպումին Վերահաստատած Է Հայաստանի Մէջ Դեսպանութիւն Բանալու Մտադրութիւնը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ աշխատանքային այցով կը գտնուի Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութիւն, Փետրուար 17-ին Միւնխենի մէջ հանդիպած է Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտար Վուչիչի հետ։ 

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ Հայաստանի եւ Սերպիոյ նախագահները համակարծիք եղած են, որ դարերու պատմութիւն ունեցող հայ-սերպական յարաբերութիւնները, երկու ժողովուրդներու պատմամշակութային առնչութիւններն ու ընդհանուր արժէքները լաւ հիմք կը ստեղծեն տարբեր ոլորտներու մէջ գործակցութեան զարգացման համար։ 

Սերպիոյ նախագահը վերահաստատած է Հայաստանի մէջ դեսպանութիւն բանալու իր երկրի մտադրութիւնը, ինչը նոր խթան կրնայ հանդիսանալ գործակցութեան խորացման համար։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին