Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

Պէյրութի Մէջ Բողոքի Ցոյց Տեղի Ունեցաւ Ընդդէմ Նորակազմ Կառավարութեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Խումբ մը ցուցարարներ բողոքի ցոյց իրականացուցին Նահատակաց հրապարակին մօտ՝ ի նշան նորակազմ կառավարութեան նկատմամբ իրենց անվստահութեան:
«Անվստահութիւն» քայլարշաւը, կազմակերպուած քաղաքացիական հասարակական կազմակերպութիւններուն կողմէ, մեկնարկեց Պշարա Ալ Խուրի փողոցէն եւ շարունակուեցաւ մինչեւ Ռիատ Ալ Սոլհ հրապարակը, ուր Լիբանանի Համայնավար կուսակցութեան եւ Նասերիթ ժողովրդական կազմակերպութեան պաշտօնատար անձինք հանդէս եկան ճառերով, մինչ համակիրները ծածանեցին իրենց կուսակցութեան դրօշները:

Հակառակ անոր որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի գլխաւորած երրորդ կառավարութիւնը Ուրբաթ ուշ երեկոյեան տեղի ունեցած քուէարկութեան վստահութեան քուէ ստացաւ օրէնսդիրներու ճնշող մեծամասնութենէն, ցուցարարները դիտել տուին, որ այդ առումով նորակազմ կառավարութիւնը չէ ստացած իրենց քուէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին