«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ Արցախի Հանրապետութեան պետական պիւտճէի համատեղ ջանքերով՝ Ասկերանի շրջանի Շոշ համայնքին մէջ կը կառուցուի մանկապարտէզ մը, որուն շինարարական աշխատանքները նախատեսուած են աւարտին հասցնել Մայիսին:
Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ Շոշ համայնքի ղեկավար Էրիք Աբրահամեան ըսած է, որ մանկապարտէզի կառուցման աշխատանքները սկսած են 2018-ին:
Ըստ գիւղապետին՝ մանկապարտէզի շէնքը մէկ յարկանի է՝ նախատեսուած 50 փոքրիկի համար: «Ներկայիս մանկապարտէզի շինարարական աշխատանքները գրեթէ աւարտած են. Կ’ընթանան շէնքի ներքին յարդարումի աշխատանքներ: Մանկապարտէզի բակին մէջ կը կառուցուի խաղահրապարակ:
Պիտի իրականացնենք նաեւ արտաքին յարդարումի եւ տարածքի բարեկարգումի աշխատանքներ»,- ըսած է Է. Աբրահամեան:
Ան նաեւ նշած է, որ մանկապարտէզը նաեւ պիտի ունենայ անհրաժեշտ գոյք, զոր պիտի ապահովէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը: