«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հզպալլա կուսակցութեան գլխաւոր առաջնորդ Հասան Նասրալլա կուսակցութեան նահատակ ղեկավարներուն ոգեկոչումի արարողութեան ժամանակ մասնաւորաբար ընդգծեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօ ըստ ամենայնի ճիշդ էր, երբ մտահոգութիւն յայտնեց, որ Հզպալլա այժմ ուժեղ է աւելի քան երբեւէ:
Նասրալլա աւելցուց, որ կուսակցութիւնը օրէ-օր աւելի ազդեցիկ եւ ուժեղ կը դառնայ, թէկուզ անցանկալի պայմաններու տակ:
«ԱՄՆ կը կարծէ, թէ կուսակցութեանս օրէ-օր ահագնացող ուժի աղբիւրը միայն զինամթերքն ու նիւթական միջոցներն են: Հետեւաբար, ԱՄՆ պատժամիջոցներ կը կիրարկէ Հզպալլայի նկատմամբ՝ սահմանափակելու անոր ուժը»,- նշեց Նասրալլա:
Այնուամենայնիւ, Նասրալլա շեշտեց, որ այժմ Հզպալլա իր աշխարհագրական իւրաքանչիւր բաժանումին մէջ, ինչը, իր խօսքով, 35–40 է, աւելի շատ անձնակազմ, զինամթերք եւ սարք ունի, քան 2000-ին կուսակցութիւնը ամբողջութեամբ: