Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Հայաստանի Եւ Իրանի ԱԳ Նախարարները Քննարկած Են Տարածաշրջանային Եւ Միջազգային Շարք Մը Հարցեր

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Միւնխենի մէջ Փետրուար 16-ին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հանդիպած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմատ Ճաւատ Զարիֆի հետ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը,  ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ զրուցակիցները անդրադարձած են հայ-իրանական բարեկամական յարաբերութիւններուն առնչուող հարցերու՝ որպէս գործակցութեան կարեւոր ուղղութիւններ առանձնացնելով առեւտրատնտեսական, ուժաբանութեան, փոխադրամիջոցներու, զբօսաշրջութեան ոլորտները:

Երկուստեք ընդգծուած է երկկողմ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկելու պատրաստակամութիւնը: Զրուցակիցները կարեւորած են կանոնաւոր շփումներու եւ հանդիպումներու կայացումը՝ այս թեմայի լոյսին տակ ընդգծելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Իրան նախատեսուող այցը, որ լաւ առիթ է երկկողմ բազմոլորտ գործակցութեան անդրադառնալու եւ համատեղ քայլերը նախանշելու համար:

Հանդիպումի օրակարգին էին նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային շարք մը հարցեր:

Նախարար Մնացականեան Իրանի իր գործընկերոջը ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի մօտեցումները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին