Փետրուար 9-ի երեկոյեան Վենետիկի Սուրբ Մարկոսի տաճարին մէջ Մխիթարեան միաբանութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է «Արեւմուտքի, Հայաստանի եւ Վենետիկի ներդաշնակութեան ուղիներով» խորագիրով համերգ` նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին:
Ողջոյնի խօսքով ձեռնարկը բացած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ, Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Գերապայծառ տէր Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքիեան: Վերջինս գոհունակութիւն յայտնած է Վենետիկի պատրիարքին, որ ներկայ էր ձեռնարկին, ապա քանի մը բառով ներկայացուցած է համերգի ծրագիրը:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Հայաստանի Մխիթարեան կեդրոնի փոխտնօրէն հայր Գէորգ վարդապետ Սարգսեան, երգացանկը կատարուած է Վարեզի կամերային երգչախումբին կողմէ, ղեկավար` Գաբրիէլ Կոնտի, մասնակցած են նաեւ տուտուկահար Արամ Իփեքճեանը եւ երգեհոնահար Ճովաննի Մազզան:
Համերգը բաղկացած էր 15 կտորէ` երգչախմբային եւ երաժշտական: Հնչած է հիմնականին մէջ հայկական երաժշտութիւն. Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի, որ 2015 թուականին հռչակուեցաւ Համընդհանուր եկեղեցւոյ դոկտոր, Եկմալեան, Կոմիտաս Վարդապետ:
Ձեռնարկին աւարտին Վենետիկի պատրիարքը երախտագիտութեան եւ ողջոյնի խօսքեր ըսած է` երաժշտական իրադարձութիւնը կոչելով ո՛չ թէ պարզապէս համերգ, այլ հոգեւոր բարձրութեան եւ վերափոխման պահ:
Համերգին ներկայ էր շուրջ 300 մարդ, որոնք համերգէն ետք յուզական զգացումներով հեռացած են Վենետիկի Սուրբ Մարկոսի տաճարէն: