Երեքշաբթի, 22. 04. 2025

spot_img

Երեւանը Յայտնուած Է Ամենառոմանթիկ Քաղաքներու Վարկանշային Ցանկին Վրայ

«ТурСтат» վերլուծական գործակալութիւնը իրականացուցած է հարցաշար՝ կազմելու համար ռուս զբօսաշրջիկներու մէջ ԱՊՀ տարածքի եւ մօտակայ երկիրներու ամենառոմանթիկ քաղաքներու վարկանշային ցանկը, որուն մէջ յայտնուած է նաեւ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը: Ըստ Armenpress.am-ի՝ ռոմանթիկ զբօսաշրջութիւնը կը ներառէ ինչպէս զբօսաշրջութիւններ, այնպէս ալ զոյգերու սեփական նախաձեռնութեամբ առանձին այցելութիւններ հանգստեան օրերուն:

Գործակալութեան տուեալներով՝ ԱՊՀ երկիրներուն մէջ ռոմանթիկ զբօսաշրջութիւնը կը ներառէ աւելի քան 1 միլիոն զբօսաշրջութիւն տարուան ընթացքին:

ԱՊՀ ռոմանթիկ քաղաքներու առաջին հնգեակին մէջ են Թիֆլիսը, Ասթանան, Պաքուն, Մինսքը, Քիշնեւը: Թիֆլիսի օգտին քուէարկած է հարցաշարին մասնակցածներուն 33 տոկոսը, մնացեալները ստացած են 14 եւ 10 տոկոս:

ԱՊՀ-ի ամենառոմանթիկ քաղաքներու վարկանշային ցանկին վրայ յայտնուած են նաեւ Ալմա-Աթան, Պիշքեկը, Երեւանը՝ ստանալով 5-ական տոկոս ձայն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին