Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Փոմփէօ Ափսոսանք Կը Յայտնէ Վարշաւիոյ Գագաթնաժողովին Լիբանանի Բացակաութեան Առթիւ

«Զարթօնք», Պէյրութ – Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօ ափսոսանք յայտնեց Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւիոյ մէջ տեղի ունեցած գագաթնաժողովին Լիբանանի չմասնակցութեան առթիւ: Գագաթնաժողովը գլխաւորաբար կը կեդրոնանար Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան վրայ:  Ըստ պետական քարտուղարին՝ ԻԻՀ-ը Լիբանանի մէջ կը ներկայանայ Հըզալլայի կերպարանքով:
Փոմփէօ զգուշացուց Հըզպալլայի հետզհետէ ահագնացող ուժէն՝ ըսելով, որ կուսակցութիւնը ներկայիս աւելի ուժեղ է, քան 4–5 տարի առաջ: Փոմփէօ շեշտեց, որ ԱՄՆ Լիբանանի գործընկերն է եւ յաջողութիւն մաղթեց Հանրապետութեան: «Մենք կ’ուզենք, որ Լիբանան ըլլայ միասնական, իսկ Իրանը դուրս մնայ անոր տարածքէն»:  
Վարշաւիոյ գագաթնաժողովը, որ հիւրընկալուած էր ԱՄՆ-ի եւ Լեհաստանի կողմէ, տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի եւ Հինգշաբթի Լեհաստանի մայրաքաղաքին մէջ, որուն ներկայ էին բազմաթիւ պաշտօնատարներ 60 տարբեր երկիրներէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին