Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Տիգրան Մանսուրեան Այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին

Ուրբաթ, 15 փետրուար 2019-ին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հրաւէրով Հայաստանէն Լիբանան ժամանած հանրածանօթ երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեան հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Նարեկ Արքեպիս-կոպոսին հետ։ Հաւաքին հայրենի արուեստագէտն ու առաջնորդ սրբազանը քննեցին հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր։

          Նարեկ Արքեպիսկոպոս հակիրճ կերպով ներկայացուց Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութիւնը եւ աշխատանքները, իսկ Տիգրան Մանսուրեան անդրադարձաւ իր գործունէութեան եւ Լիբանան այցելութեան։

          Յայտնենք, որ նշեալ հանդիպումէն առաջ Տիգրան Մանսուրեան այցելած էր Ազգային Միացեալ Վարժարան, իսկ հանդիպումէն ետք շրջագայեցաւ Պուրճ Համուտ՝ մօտէն ծանօթանալով թաղամասերուն եւ առօրեային։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին