Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Սոչիի Մէջ Աւարտած Է Սուրիոյ Հարցերով Եռակողմ Գագաթնաժողովը

«Զարթօնք», Պէյրութ –  Սոչիի մէջ աւարտած է ՌԴ, Իրանի եւ Թուրքիոյ նախագահներուն մասնակցութեամբ Սուրիոյ հարցով եռակողմ գագաթնաժողովը:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ «Ռիա նովոսթի»-ն:

Գագաթնաժողովին Վլատիմիր Փութինը, Հասան Ռոհանի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան քննարկած են Սուրիոյ մէջ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու հետ կապուած եւ շարք մը այլ հարցեր:

Գագաթնաժողովը տեղի ունեցած է Ասթանայի գործընթացի ծիրէն ներս:

Գագաթնաժողովէն ետք հրապարակուած փաստաթուղթին համաձայն` նախագահները միակարծիք դիրքորոշում յայտնած են Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան ապահովման, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շարունակական իրականացման, սուրիական հարցի քաղաքական լուծման առնչութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին