Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

Նախարարները Կը Խոստանան Ապահովութեան Մակարդակը Բարձրացնել Պէյրութի Օդակայանին Մէջ

«Զարթօնք», Պէյրութ – Լիբանանի հասարակական աշխատանքներու եւ զբօսաշրջութեան, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց նախարարները խոստացան Պէյրութի օդակայանը ապահովութեան մակարդակի գծով համապատասխանեցնել համաշխարհային չափանիշներուն, ինչպէս յանձնարարած է Միջազգային քաղաքացիական օդագնացութեան կազմակերպութիւնը:
ՄԱԿ-ի վերոյիշեալ գործակալութիւնը Փետրուար 6–15 հաշուեքննութիւն մը իրականացուց: Եզրակացութեան յանգելէ ետք, գործակալութեան անդամները հանդիպում մը ունեցան հասարակական աշխատանքներու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Եուսեֆ Ֆենիանոսի, արդիւնաբերութեան նախարար Ռայա Ալ Հասանի եւ օդակայանի շարք մը պաշտօնատարներուն հետ:
«Վերջին նիստը տեղի ունեցաւ այսօր: Այդ միջոցին տրուեցաւ նախնական բացատրութիւն մը կամ, այսպէս կոչուած, նախնական զեկոյց մը յանձնաժողովի կատարած գործունէութեան մասին»,- մամլոյ ասուլիսի ժամանակ լրագրողներուն ըսաւ Ֆենիանոս:
«Առաջին հաշուեքննութիւնը տեղի ունեցաւ 2009-էն ի վեր: Լիբանանի կառավարութիւնը պահանջած էր յետաձգել նախկին հաշուեքննութիւնները»,- աւելցուց ան:  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին