«Զարթօնք», Պէյրութ – Տեղի ունեցած է ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը, որ վարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Նախքան օրակարգային հարցերու քննակումը, վարչապետը անդրադարձած է կառավարութեան յառաջիկայ քայլերուն եւ տուած յանձնարարականներ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ գործադիրը փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարած է 2014 թուականի Դեկտեմբեր 18-ի որոշումին մէջ, որով կը սահմանուի ՀՀ սահմանամերձ համայնքներուն տրվող ընկերային աջակցութեան փոխհատուցումի ենթակայ ծաւալները, փոխհատուցումի կարգն ու փոխհատուցում ստացող սահմանամերձ համայնքներուն ցանկը: Ըստ հիմնաւորումին՝ 2019 թուականի ՀՀ պետական պիւտճէով որպէս աջակցութիւն սահմանամերձ համայնքներուն յատկացուած է 928,871.2 հազար դրամ գումար, որ կը բաշխուի ցանկին մէջ ընդգրկուած փոխհատուցում ստացող համայնքներուն:
Նիկոլ Փաշինեանը հետագայ տնտեսական զարգացման համար անգամ մը եւս կարեւորած է մարդու տնտեսական վարքագիծի փոփոխութիւնը:
Վարչապետին մանրամասնութիւններ ներկայացուած են նաեւ բոլոր ջրամբարներու լցուածութեան մակարդակի, ջրամբարներէն թողքերու նկատմամբ նախատեսուող հսկողութեան ընթացքին եւ ոլորտին առնչուող այլ հարցերու վերաբերեալ: