Կիրակի, 27. 04. 2025

spot_img

Ծծմբաթթուի Կիրարկումով Յարձակում Տեղի Ունեցած Է Փարիզի Մեթրոյին Մէջ. «France Info»

«Զարթօնք», Պէյրութ – Փարիզի մեթրոյին մէջ ծծմբաթթուի կիրարկումով յարձակումի հետեւանքով ծանրօրէն վիրաւորուած է անձ մը: Այդ մասին, ինչպէս կը  հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Փետրուար 15-ին յայտնած է «France Info» գործակալութիւնը: Հրատարակութեան տեղեկութեան համաձայն՝ միջադէպը տեղի ունեցած է տեղական ժամանակով առաւօտեան մօտաւորապէս ժամը 8-ին Ֆրանսայի մայրաքաղաքի մեթրոյի առաջին ուղեգիծին վրայ: Յարձակողը փախած է պատահարի վայրէն: Կը նշուի, որ տուժածի կեանքը սպառնալիքի տակ է: Ան դէմքի ու ձեռքերու ծանր այրուածքներ ստացած է: Տեղի ունեցածի մանրամասնութիւններն ու հանգամանքները կը ճշդուին, հաղորդած է «ՌԻԱ նովոսթի»-ն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին