«Զարթօնք», Պէյրութ – Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի նախորդ օր Պէյրութի «Պիէլ» սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին յայտարարեց, որ Լիբանանը գերիշխան եւ անկախ երկիր է եւ շրջանին մէջ կը ներկայանայ որպէս անկախ պետութիւն եւ չի պատկանիր որեւէ շրջանային կողմի:
Հարիրի նաեւ նշեց, որ 2019 թուկանաը պիտի ըլլայ արդարութեան եւ իրականութեան բացայայտման տարի, ակնարկելով իր հօր Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան գործին, որ կը քննուի Լահայի մէջ կազմուած միջազգային դատարնին կողմէ:
Ան խօսելով յատկապէս այս թեմային մասին, ըսաւ, որ այս տարին պիտի ըլլայ արդարութեան տարի, յիշեցնելով, որ բոլորը պարտաւոր են ընդունիլ միջազգային դատարանի կողմէ հրապարակուած դատական վճիռները եւ ընդունիլ իրականութիւնը:
Նշենք, որ Լիբանան նախորդ օր նշեց երկրի նախկին վարչապետներէն, Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութեան 14-րդ տարելիցը:
Յիշեցենք, որ 14 տարիներ առաջ՝ Ռաֆիք Հարիրի զոհ կ’երթար անարգ ոճիրի մը, երբ անոր շարասիւնը դուրս կու գար խորհրդարանի տարածքէն եւ կ’անցնէր Պէյրութի ծովեզերեայ գլխաւոր մայրուղիներէն մէկէն: Այդ պահուն մեծ պայթում մը լսելի կը դառնար, որուն հետեւանքով ալ տեղւոյն վրայ կը զոհուէր Հարիրի, ինչպէս նաեւ իր շարասիւնի անդամ տասնեակ ընկերակիցներ:
Հարիրի առանցքային դեր ունեցաւ յատկապէս Լիբանանի վերաշինութեան գծով, երբ ան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք դարձաւ կողմերը իրար բերող եւ «Թաէֆի համաձայնագրի» ընդհանուր մթնոլորտը պատրաստող ակնառու դէմք, որմէ ետք ալ, քաղաքական ուժերու համաձայնութեամբ, նշանակուեցաւ երկրի վարչապետ: Իր իշխանութեան օրերուն Լիբանան ապրեցաւ աննախընթաց վերելք մը եւ յատկապէս Պէյրութի կեդրոնական հատուածը ամբողջութեամբ վերանորոգուեցաւ եւ Պէյրութը դարձաւ արաբական աշխարհին մէջ կարեւոր նիւթական եւ տնտեսական նոր մայրաքաղաք:
Հարիրիի սպանութեան դէպքը ցայսօր ալ կը շարունակէ մնալ արեղծուածային եւ լիբանանեան մարմիններու փափաքով, անոր սպանութեան գործը քննելու համար առաջացած է յատուկ միջազգային դատական ատեան, որ ցայսօր ալ կը շարունակէ իր աշխատանքները: