ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երբ չես կրնար համակերպիլ կամ փոփոխութեան ենթարկել, այդ ժամանակ կը գանգատիս… եթէ մէկը ձայնդ լսէ անշուշտ:
Այսօրուան նիւթը լրատուական ցանցն է: Անոր գործունէութիւնները եւ իրաւասութիւնները:
Ժամանակէ մը ի վեր դադրած եմ լուր մտիկ ընելէ կամ դիտելէ: Պատճա՞ռը, «սթրէս»-իս բարձրացումն է, յաճախ գագաթնակէտին հասնելու աստիճան, որ առողջութեանս վրայ անդրադարձ կ՚ունենայ:
Ազնուափայլ տիկին մը, անշուշտ պիտի խօսինք համաշխարհային ծանօթութիւն ունեցող տիկնոջ մը մասին, որ այժմ կը վարէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի տան մեծամասնութիւններու «վոհմակ»-ը: Այս տիկինը, առանց խպնելու, յոխորտանքով կը յայտարարէ երկրի ժողովուրդին առջեւ, թէ ինք կրնայ գլորել որեւէ շինծու կամ իրենց նպատակայարմար սուտ արարք կամ խօսք առանց դոյզն իսկ տքնութեան, հաւատացնելով զայն արար աշխարհին, առաձգական այս օրէնքի շղարշին ներքեւ:
Ան կը յայտարարէ. եթէ ունինք նպատակ մը, հեռանկար մը կամ մեզ հետաքրքրող ծրագիր մը, կը բաւէ որ հրաւիրենք լրատուական միջոցները, որոնք «անհամբեր» կը սպասեն նման աղբիւրներու իրենց աշխատանքի ժամերը եւ թերթերուն էջերը լեցնելու սիրոյն եւ սկսինք մեր օրակարգի գործադրութեան: Այն ինչ որ կը յայտարարուի այնտեղ, անմիջապէս տեղ կը գտնէ համացանցին, տպագիր մամուլին եւ հեռատեսիլի պաստառներուն վրայ եւ ժողովուրդը կը կլանէ զայն որպէս իրականութիւն: Իսկ ինչո՞ւ: Որովհետեւ այդպէս կը հաւատար ժողովուրդը անցեալին, երբ ըսուէր «թերթերը գրեցին», «թելեվիզիոնը ըսաւ»… ուրեմն՝ ճիշդ է: Այսօր եւս, տակաւին հաւատացողներ կան…:
Հարց տանք: Բայց որքա՞նը ճշմարտութիւն էր գրուածքէն կամ լսուածէն:
Ասկէ ետք կը սկսի հակառակ կողմի հակադարձութիւնը, նախագահին կամ անոր արբանեակներէն մէկուն կողմէ, հաղորդուած լուրերը դրժելու կամ ժխտելու ջանքերով, որոնք ծայր կու տան անվերջ ու անիմաստ ըսի-ըսաւներու:
Այսօր, համացանցը, լրատուական համարեայ բոլոր միջոցները եւ տպագիր մամուլը, լրատուութենէ բացի ունին մեկնաբանութիւններ, վերլուծումներ եւ յաճախ ալ չնաշխարհիկ գաղափարներ սկսեալ քաղաքականութենէն հասնելու մինչեւ տանդ ներքին կարգաւորումին եւ ապրելակերպիդ մասին ճշդումներ, ցուցմունքներ, թելադրութիւններ եւ «խրատներ» տալու համար:
Այստեղ ունինք հեռատեսիլի կայաններ, առանց անուններ նշելու, որոնք մասնագիտացած են այս վերոյիշեալ յատկութիւններով, ուր օրն ի բուն կը ճռուողեն տիկիններ եւ պարոններ, կեանքի զանազան ասպարէզներու մէջ հմտացած կամ՝ պարզապէս «շառլատան»-ներ, որոնք ձեռք կ՚առնեն ամենօրեայ անսպառ նիւթեր այս կամ այն անձնաւորութեան մասին, կամ անոր արձակած մէկ խօսքին ու բառին մասին, եւ կամ՝ ոչինչէն ստեղծուած նիւթի մը մասին, եթէ մնացած են անպաշար:
Ուշադրութիւն չէ՞ք ըրած ձեր ձեռքի հեռաձայններու, հեռատեսիլի սարքերու եւ համակարգիչներու աշխատելաոճին, ուղղումներուն եւ ցուցմունքներուն վրայ: Մէկ խօսքով՝ գերի դարձած ենք այդ արուեստագիտական փոքրիկ գործիքներուն, փողոցներու մէջ կամ տան մէջ, հաւատալով, ընդունելով եւ հետեւելով անոնց տիւ ու գիշեր, ճաշի սեղանին վրայ կամ ննջասենեակին մէջ, մէկդի թողելով աշխատատեղիներն ու դպրոցները:
Ահաւասիկ այսպիսով եւ այսպիսի միջոցներով կը գլորուին սուտերը մեր քաղաքական եւ ինչու չէ, այլ ղեկավարներու կողմէ: Իսկ երկի՞րը, ան կը դառնայ պատերազմի դաշտ հաւատացեալ կողմերուն միջեւ, առիթ ընծայելով խուժաններու երթերու, ցուցարարներու շղարշին ներքեւ պահուըտած աւազակներու, ոճրագործներու եւ գողերու ասպատակութիւններուն:
Ծիծաղելի կը թուի, երբ կարգ մը լրատուական հաստատութիւններ իրենք զիրենք կ՚անուանեն համաշխարհային, մինչդեռ որեւէ համաշխարհային լուր չենք լսեր կամ տեսներ այնտեղ, ի բաց առեալ զինուորական զոհերու մասին կամ տեղական «ճոխ» քստմնելի եւ չափազանցուած լուրերու մասին, որոնք օրական 20 անգամ կը կրկնուին զզուեցնելու աստիճան:
Իսկ լրատուական տիտաննե՞րը, ինչո՞վ, որքանո՞վ եւ ինչպէ՞ս կը վարձատրուին արդեօք եթէ չըլլային «այդ» իրաւաբաններու, բժիշկներու, դեղերու, գարեջուրերու եւ զանազան այլ գովազդներն ու յայտարարութիւնները, որոնք կտրականօրէն պատճառ կը դառնան կեանքի սղաճին որ ձեռնտու չէ անշուշտ հասարակաց գետնի վրայ:
Ահաւասիկ մարզ մը որ հաւասարակշռութեան կարիքը ունի: