Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Փաղանգաւոր Եւ Հըզպալլա Կուսակցութեան Երեսփոխանները Բանակռիւ Ունեցան Խորհրդարանի Նիստին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հըզպալլա եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխանները բանակռիւ ունեցան նորակազմ կառավարութեան եւ անոր քաղաքականութեան վերաբերեալ պաշտօնական յայտարարութեան շուրջ ընթացող խորհրդարանական քննարկումներու երկրորդ օրը:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան առաջնորդ Սամի Ժմայէլ բացատրեց, թէ ինք ինչո՛ւ կը հաւատայ, որ Հըզպալլան իրաւամբ ճնշող ուժ ունի կառավարութեան մէջ՝ հաստատելով, որ կուսակցութեան անդամ օրէնսդիրները վստահութեան քուէ պիտի չտան նորակազմ կառավարութեան:
Սակայն Ժմայէլ հազիւ «Հըզպալլա» անունը նշեց, կուսակցութեան անդամ Նաուաֆ Մուսաուին խօսքը ընդհատելով յայտնեց խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիին, որ իրեն պէտք է առիթ տրուի Ժմայէլին պատասխանելու:
Այնուհետեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Նատիմ Ժմայէլ միջամտեց՝ ըսելով, որ իր զարմիկը՝ Սամի Ժմայէլը, ըստ ամենայնի իրաւունք ունէր իր կարծիքը յայտնելու այս հարցին շուրջ:
Մուսաուի, խօսքը ուղղելով Նատիմ Ժմայէլին, «լռէ՛» պատասխանեց:
Սամի Ժմայէլ շարունակեց իր ելոյթը, որմէ ետք խօսակցութիւնները դարձեալ թէժացան երկու կուսակցութիւններուն միջեւ:    

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին