Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

«Տեառնընդառաջի Տօնը Հրաւէր Մըն Է Ուղղուած Մեզմէ Իւրաքանչիւրին՝ Մեր Անձերը Ընծայելու Աստուծոյ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, 13 Փետրուար 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ նշուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակը՝ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ։ Հոգեպարար արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Անդաստան, մանուկներու տաճար ընծայում եւ աւանդական հրավառութիւն:

Արարողութեան աւարտին, իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Նորին Սրբութիւնը։ Կեդրոնանալով տօնին խորհուրդին՝ ան ըսաւ, որ թէեւ Քրիստոսի ծնունդէն քառասուն օր ետք Անոր տաճար ընծայման տօնն է, սակայն ան չի սահմանափակուիր միայն մանուկներու ընծայումով, այլ բոլորս կոչուած ենք մեր անձերը ընծայելու Աստուծոյ։ «Առանց Աստուծոյ ներկայութեան մեր կեանքը իմաստազուրկ կը դառնայ, հետեւաբար, իւրաքանչիւր անձ, մեծ թէ փոքր, հոգեւորական թէ աշխարհական, պարտի իր անձը ընծայել ու վերընծայել Աստուծոյ» ընդծգեց Հայրապետը, ու աւելցուց. «Երբ կը նայինք Քրիստոսի կեանքին ու առաքելութեան, կը տեսնենք, թէ Ան իր կեանքի ամէն մէկ րոպէին ապրեցաւ Աստուծոյ ներկայութիւնը ու Անոր ապաւինեցաւ»:

Վեհափառ Հայրապետը շարունակեց իր պատգամը՝ նշելով, թէ կեանքի ներկայ պայմաններու դիմաց մարդը շրջապատուած է այնպիսի պարագաներով, որ կամայ թէ ակամայ զինք մեղքի ճամբան կը տանին, սակայն շնորհիւ հաւատքին, հարկ է միշտ վերադառնալ Աստուծոյ ու դառնալ քրիստոնեայ, որ կ՚ընդգրկէ դառնալ Քրիստոսի խորհրդական մարմինին անդամ ու ապրիլ Անոր ներկայութեամբ։ Հայրապետը եզրափակեց, որ տեառնընդառաջի տօնը անգամ մը եւս մեզ կը հրաւիրէ մեր անձերը վերընծայելու Աստուծոյ:

Ապա, լուսարարապետ Սրբազանը խորանէն բերաւ Քրիստոսի Լոյսը խորհրդանշող մոմը ու յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ զայն բաշխեց ներկայ հաւատացեալներուն։ Հուսկ, Նորին Սրբութեան գլխաւորութեամբ Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Մայրավանքին շրջափակը ու Ս. Խորանէն բերուած լոյսով աւանդական հրավառութիւնը տեղի ունեցաւ:

Աւարտին, դպրեվանեցիներ հոգեւոր ու ազգային երգերով խանդավառեցին մթնոլորտը, իսկ հաւատացեալներ Քրիստոսի Լոյսը խորհրդանշող մոմէն իրենց ճրագները վառած՝ վերադարձան իրենց տուները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին