Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Սէուտական Արաբիոյ Պատուիրակը Կը Հաստատէ Թագաւորութեան Զօրակցութիւնը Լիբանանին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Սէուտական Արաբիոյ պատուիրակ Նիզար Ալ Ալուլա Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աունի հետ հանդիպումին Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր Սալմանի եւ գահաժառանգ իշխան Մուհամմատ Պըն Սալմանի անունով ջերմօրէն շնորհաւորեց կառավարութեան կազմաւորման առթիւ ու հաստատեց Թագաւորութեան զօրակցութիւնը Լիբանանին: Այս մասին կը տեղեկանանք Լիբանանի նախագահական գրասենեակի հրապարակած յայտարարութենէն:
«Թագաւորութեան պատուիրակութիւնը մասնաւորաբար շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիան միշտ զօրավիգ կանգնած է Լիբանանին եւ պիտի շարունակէ ամէն գնով Հանրապետութեան օգնել բոլոր մակարդակներուն վրայ՝ երկկողմ յարաբերութիւնները ամրապնդելու ու զարգացնելու նպատակով»,- ըսուած է նախագահական յայտարարութեան մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին