Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Մեծն Բրիտանիան Աւելի Քան 100 Մլն Տոլար Կը Յատկացնէ Լիբանանի Տնտեսական Զարգացումին Համար

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Հանրապետութեան մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռեմբլինկ խոստացաւ յաւելեալ 115.9 տոլարի դրամանպաստ տրամադրել Լիբանանին՝ կրթութեան եւ տնտեսութեան ոլորտներուն զարկ տալու նպատակով՝ աւելցնելով, որ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Լիբանանի յարաբերութիւնը ցա՛րդ այսքան ամրապնդուած եւ ուժեղ չէր եղած:
Ռեմբլինկ արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլի հետ հանդիպումին յայտնեց, որ Թագաւորութիւնը անցնող 12 ամսուան ընթացքին աւելի քան 200 մլն տոլար ծախսած է Լիբանանի անվտանգութեան ու բարգաւաճումին համար: Այս մասին կը նշուի բրիտանական դեսպանութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:  

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին