ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը 22 Մարտէն սկսեալ, Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ պիտի ներկայացնէ անգլիացի թատերագիր Մայքըլ Գունիի «Ակամայ ստախօսը» կատակերգութիւնը՝ թարգմանութեամբ եւ բեմադրութեամբ Յարութ Գնդունիի։
Թատերախաղին մէջ դերեր վերցուցած են ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի փորձառու եւ նոր դերասան-դերասանուհիներ՝ Յարութ Թորոսեանը, Յարութ Մանուկեանը, Եղիկ Աւետիքեանը, Հուրի Պապահէքեանը, Դանիէլ Քէօրօղլեանը, Վիգէն Քէօշկէրեանը, Ցոլին Գարճիգեանը, Արմէն Մաճառեանը, Կարինէ Ներսէսեանը եւ Մարիանա Մկրտիչեանը։
Յիշեցնենք, որ ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը հիմնուած է 1959-ին։ 2019-ը տարին կը նշանաւորուի թատերախումբի հիմնադրութեան 60-ամեակով:
*****
«Փափազեան»-ականները Ընտանեկան Ջերմ Մթնոլորտի Մէջ
Կիրակի, 10 Փետրուար 2019-ի կէսօրին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի վարչութեան կազմակերպութեամբ, թատերախումբի բեմադրիչ Յարութ Գնդունիի, հին եւ նոր դերասաններու մասնակցութեամբ ընկերային հաւաք մը տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի Ահրամճեան կեդրոնին մէջ:
Միութենական այս ջերմ մթնոլորտը իրենց ներկայութեամբ ոգեւորեցին ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Յակոբ Թէլվիզեանը եւ անդամ Արա Տագէսեանը, թատերախումբի վարչականներ՝ Վազգէն Մուղալեանը, Սեւակ Նորշահեանը:
Յակոբ Թէլվիզեան թատերախումբի անդամներուն յայտնեց ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան բարեմաղթութիւնները նոր ներկայացումի նախօրէին՝ աւելցնելով, որ 2019-ը կը զուգադիպի ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի հիմնադրութեան վաթսունամեակին, որուն համար պիտի կազմուի յոբելենական մարմին՝ հանդիսաւորապէս եւ մեծ շուքով նշելու անկիւնադարձային այս տարեդարձը: Յոբելենական տարին առիթ մը պիտի ըլլայ համախմբելու բոլոր «Փափազեան»-ականները, «Վահրամ Փափազեան» թատրոնի երախտաւորներ՝ Գրիգոր Սաթամեանը, Երուանդ Ղազանճեանը:
Նշենք, որ ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը 22 Մարտ 2019-էն սկսեալ Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ պիտի ներկայացնէ անգլիացի գրող Մայքըլ Գունիի «Ակամայ ստախօսը» կատակերգութիւնը:
ՀԵԸ-ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ