ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Հարաւային Լիբանանի մայրաքաղաք Սայտայի Արեւելքի գիւղերէն մէկուն մէջ կը գտնուի մզկիթ մը, որ կը կոչուի Յիսուս Որդի Մարիամի։ Քսանամեակ մը առաջ, մենք այս մասին ակնարկ մը գրած էինք «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ, զոր արտատպած էր Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։
Այս երեւոյթը հասկնալու համար, պէտք է գիտնալ, թէ իսլամ աստուածաբանութիւնը ի՛նչ մօտեցում ունի Յիսուսի եւ Մարիամի հանդէպ։
Իսլամի վարդապետութեան եւ յատկապէս անտալուզեան աստուածաբաններուն մօտ, Մարիամ ընդունուած է որպէս ճշմարտութեան կին, ճշմարտուհի (սատտիքա), որպէս իրաւ հաւատացեալ եւ արդարադատ կին, ճշմարտութիւնը խօսող կին, որ համազօր է մարգարէներու տրուած մակդիրին։ Եւ մեծապէս նշանակալից է այն, որ բոլոր կրօններուն մէջ բարին, ճշմարիտը եւ արդարը մեծագոյններն են առաքինութեանց, մասնաւորաբար՝ արդարադատութիւնը, որուն հիմքն է մարդոց ընկերային հաւասարութիւնը, իրաւահաւասարութիւնը եւ ոչ թէ մարդոց միջեւ դասակարգային խտրականութիւնը կամ անհաւասարութիւնը։ Հաւասարութիւնն է որ կը պահպանէ հասարակական խաղաղութիւնը, հանրային անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը։ Ընկերային հաւասարութիւնն ու արդարութիւնը կ՚երաշխաւորէ նաեւ ազգային համերաշխութիւնն ու միասնականութիւնը, որ ոչ միայն կարեւոր ազդակ մըն է արտաքին միջամտութեանց դէմ, այլեւ կը նպաստէ տարբեր ազգերու մերձեցումին եւ եղբայրակցութեան։ Ուրեմն, իսլամի ճշմարիտ վարդապետութիւնը սոսկ կրօն մը չէ, այլեւ հասարակական համակարգ մը, պետական վարչակարգ մը։ Եւ իսլամ աստուածաբանները կը շեշտեն՝ ալ-իսլամու տինուն ուա տաուլէ (իսլամը կրօն մըն է եւ պետութիւն մը)։ Ահա թէ ինչու իսլամը վերացական ուսմունք մը չէ, այլ իրապաշտական պետական վարչակարգ միաժամանակ։
Հետեւաբար, Մարիամը կ՚ընդունուի իբր Մայրը Յիսուսի, եւ կը մերժէ յաւերժ կոյս Մարիամի տեսութիւնը, զոր կը մերժէին նաեւ Հայ Բարենորոգչական Թոնտրակեցիները, հաւանաբար իսլամի ազդեցութեան բերումով…։
Ուրեմն, Մարդու Որդի Յիսուս, Մարիամի Որդի Յիսուս, հասարակական, յեղափոխական առաքեալ մըն էր, որ իր ժամանակի աւատատիրական անարդար, շահագործողական հասարակարգին դէմ կը պայքարէր՝ յանուն ընկերային արդարութեան, եւ ուրեմն՝ ընդունելին իսլամի վարդապետութեան։
Այս մասին «L’Osservatore Romano» պաշտօնաթերթի Ուրբաթ, 20 Յուլիս 2018, համար 29, շաբաթական անգլիատառ յաւելուածին մէջ «Mary in the Qur՚an» վերնագրին տակ, Թիւպինկէնի Համալսարանի Իսլամ Աստուածաբանութեան Կեդրոնի դասախօս Փրոֆ. Լէյլա Տեմիրի ունի ակադեմական գրութիւն մը, որուն մէջ ան կը բացատրէ այն հիմքերը, որոնց հիման վրայ իսլամը ընդունած է որդեգրել Մարիամն ու Յիսուսը։ Գրութեան մէջ զետեղուած է Քուրանէն մանրանկար մը, որուն վրայ կայ Մարիամի նկարը, երբ կը դիեցնէ Յիսուս մանուկը, կողքին՝ Քուրանի թիւ 5.75 համարը, ուր Մարիամի տրուած է Սիտտիքա պատուանունը՝ բացատրելով, թէ Մարիամ ճշմարիտ հաւատացեալ եւ արդարադատ կին մըն էր։ Ուրեմն, երբ Մուհամմէտ՝ Աստուծոյ առաքեալը, կը ճանչնայ Մարիամն ու Յիսուսը, բնական է, որ գոյութիւն ունենայ նաեւ Յիսուս Որդի Մարիամի անունով մզկիթ։
Պաշտօնաթերթի նոյն համարին մէջ կը կարդանք նաեւ Ֆրանչիսկոս Ա. Պապի մէկ պատգամը հոգեւորականներուն, իրենց առաքելութեան ոճին շուրջ, զոր կ՚ուզենք յանձնել Հայց. Եկեղեցւոյ հոգեւորականներու լուրջ ուշադրութեան։ Ան գրած է. «Համեստութիւնն ու աղքատութիւնը առաքելատիպ կեանքի ոճն են» (“Modesty and poverty are the missionary style”) (իմա՝ արծաթասիրութիւնն ու իշխանատենչութիւնը անվայել են հոգեւորականի կենցաղին)։ Հայ բարենորոգչական Թոնտրակեցիները եւս կը մերժէին կղերականներու իշխանակարգը։ Իսկ Չին հին փիլիսոփայ եւ բարոյագէտ Լաօ Ցէ կը պատգամէր. «Առաջնորդել առանց տիրապետելու»։ Հայր Անդրանիկ Կռանեան, որ մնաց վարդապետի աստիճանին եւ ընչազուրկ վիճակին մէջ, տիպարն էր հոգեւոր առաջնորդին, որ գիտակցութիւնը ունի իր առաքելութեան։
- • •
Պաշտօնաթերթի 31 Օգոստոս 2018 թուակիր համար 38-ին անգլիատառ շաբաթական յաւելուածին մէջ Ֆրանչիսկոս Ա. կը պատգամէ գործել «As one great family», ինչ որ Վահան Թէքէեան տասնամեակներ առաջ երազած էր իր «Երբ օրը գայ վերջապէս» քերթուածին մէջ՝ ժողովուրդներու եղբայրակցութիւնը։
Իսկ 20 Սեպտեմբեր 2018 համար 29-ի ֆրանսատառ յաւելուածին մէջ, Ֆրանչիսկոս Ա. կոչ կ՚ընէ դատապարտելու մարդու կողմէ մարդը շահագործելու արարքը («Denoncer avec courage la criminalité et l’exploitation»)։
Ժողովուրդներու եղբայրակցութեան ջատագովումն ու մարդու կողմէ մարդու շահագործումին դատապարտութիւնը այսօր տարբե՞ր են Կոմունիզմի ջատագովածէն ու դատապարտածէն։ Կամ Լատին Ամերիկայի Կաթոլիկ աստուածաբաններու Ազատագրութեան Աստուածաբանութիւնը ինչո՞վ կը տարբերի Կոմունիզմի ուսմունքէն։ Կամ ալ յստակ չէ՞, թէ կոմունիստներն են, որ հարազատօրէն կը ներկայացնեն Նազովրեցի Յիսուսի քարոզած ուսմունքը, եւ ոչ թէ այսօր Կաթոլիկ կղերն ու Ֆրանչիսկոս Ա. Պապը, իրենց ուսմունքը կ՚ընդօրինակեն կոմունիստներէն…։
Յիշեալ երկու պատգամներուն շարադրանքը եւս յար եւ նման է կոմունիստական շարադրանքին։
Գործել իբր ՄԷԿ ՄԵԾ ԸՆՏԱՆԻՔ ՄԷԿ ԱՇԽԱՐՀԻՆ այս վերեւ եւ քաջաբար դատապարտել ամէն քրէականութիւն եւ շահագործում պատգամները, Ֆրանչիսկոս Ա. շարադրած է հետեւեալ բառերով.
«Մարդկութիւնը ընտանիքներու մեծ ընտանիք մըն է, որուն մէջ եթէ տիրէ ընտանեկան սէրը, աշխարհին խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն կը բերէ։ Երբ մարդիկ սիրեն իրար, հաստատակամօրէն կը հետապնդեն ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը բոլոր մարդոց միջեւ, ըլլան քրիստոնեայ, իսլամ, հրեայ թէ որեւէ հաւատքի տէր մարդիկ, ներառեալ՝ մարդուն հաւատացողներ։ Որովհետեւ այս մոլորակը մարդուն հայրենիքն է, եւ ամէն բան հո՛ս իմաստ եւ արժէք ունի միայն, եթէ կը ծառայէ մարդոց բարօրութեան ու երջանկութեան, եւ մարդուն արժանապատուութիւնը վեր է միւս բոլոր նկատումներէն ու հաշիւներէն։ Այս հիման վրայ մարդիկ պէտք է պայքարին ոչ թէ իրարու դէմ, այլ միայն ու միայն բնութեան չարիքներուն եւ աղէտներուն դէմ, միասնաբար, հաւաքական ուժերով՝ փոխանակ իրենց ուժերը վատնելու իրարու դէմ պայքարելով։ Միակ սուրբ պայքարը բնութեան կոյր ուժերուն դէմ կը մղուի։ Բայց նաեւ պէտք է գոհունակութիւն յայտնեն բնութեան հազարագանձ բարիքներուն հանդէպ, եւ մանաւանդ՝ պահպանեն բնութեան անարդարութիւնը, եւ զայն չթունաւորեն իրենց նիւթական շահերուն մոլուցքով։
«Եթէ ընկերային արդարութիւն հաստատելու համար լրջօրէն լուծումներ փնտռէք, անպայման կը գտնէք, եթէ անկեղծ ըլլաք ձեր փնտռտուքին մէջ։ Քալեցէք, փնտռեցէք ու երազեցէք բարիք ընել ուրիշներուն համար։ Մի՛ բանտուիք ձեր անձին մէջ, այլ համարկուեցէք ուրիշներու հետ, բոլոր բոլորին հետ։ Համերաշխութիւնը բոլոր ուրիշներուն հետ Տիրոջ կամքն է, քանի որ անոնք բոլորը նոյն ընտանիքին անդամներն են, քոյր եւ եղբայրներ են, եւ բոլորը Տիրոջ արարածներն են… հաւասարապէս։ Ինքնամեկուսացումը տխրութիւն կը պատճառէ. ուրիշներու հետ շօշափուիլը եւ անոնց համար գործ մը կատարելը՝ ուրախութիւն եւ երջանկութիւն։ Նախընտրելի է ռիսք առնել ու գործել Տոն Քիշոթի պէս, քան թէ ծոյլ ու համակերպողական մնալ Սանչօ Փանչայի նման (Սերվանթէսի)։ Խօսեցէք անպայման երէցներու հետ. անոնք ձեզի պիտի փոխանցեն պատմական յիշողութիւն եւ պատկանելիութիւն, առանց որոնց դուք չէ կրնար ինքնութիւն ունենալ. կը դառնաք կազային էակներ, ոչ՝ անձեր»։
2018 թ. Սեպտեմբեր 20-ին Փալերմոյի Կաթոլիկ երիտասարդութեան հաւաքին, Ֆրանչիսկոս Ա. անոնց պատգամեց. «Քաջաբար մերժեցէք քրէականութիւնը եւ շահագործումը։ Այս է Տիրոջ կամքը» («Denoncez avec courage la criminalité et I’exploitation. C’est la volanté du Seigneur»)։ «Տիրոջը խօսքերը չեն ունկնդրեր հանգստաւէտ բազկաթոռներու վրայ բազմած։ Երբ կը մնաք անտարբեր Տիրոջը խօսքերուն հանդէպ… քանի որ Անոր խօսքը տինամիք է եւ տինամիք ունկնդրութիւն կը պահանջէ։ Ան անշարժ չէ, եւ եթէ դուք անշարժ վիճակի մէջ կը գտնուիք, չէք կրնար հասկնալ եւ ըմբռնել Անոր տինամիք խօսքերը։ Երբ դուք կը սպասէք, որ բաներ մը պատահին ուրիշներու ձեռքով, կը մոռնաք, որ դուք պատասխանատու էք այդ բաները կատարելու։ Այս ապաւինողականութիւնը թոյլ չի տար, որ դուք հասկնաք եւ ըմբռնէք Տիրոջ կամքը։ Տէրը չի սիրեր ծուլութիւնը եւ անգործօնութիւնը։ Ան կը պահանջէ որ միշտ ըլլաք արթուն եւ շարժումի ու պայքարի պատրաստ վիճակի մէջ։ Շատ տգեղ կ՚երեւի Տիրոջ, երբ երիտասարդը չի պայքարիր քրէականութեան եւ շահագործումին դէմ, եւ լուծումներ չի փնտռեր ընկերային արդարութեան հաստատումին համար»։
Ընկերային արդարութեան, պատերազմի եւ քրէականութեան վերացման ու ժողովուրդներու եղբայրակցութեան համար պայքարը կոմունիստական լոզունգներ չե՞ն արդեօք։